Ունկնդրենք մանուկներու ձայնը՝ անոնց «ոչ»ը սովին, բռնութեան, պատերազմներուն եւ անհաւասարութեան․ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Թող որ մանուկներու «ոչ»ը սովին, պատերազմին, բռնութեան, անհաւասարութեան եւ Արարչութեան աւերածութիւններուն հնչէ բոլորի սրտերու եւ մտքերու մէջ: Այս հրաւէրով Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը երեկ՝ կիրակի 2 Փետրուարին, ողջունեց Վատիկանի մէջ գումարուած մանուկներու իրաւունքներուն նուիրուած միջազգային վեհաժողովի մասնակիցները։
Վեհաժողովին աշխատանքային նիստերը ապա տեղի ունեցան այսօր առաւօտեան ՝ 3 Փետրուարին մասնակցութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապի, նոպէլեան մրցանակակիրներու, փրոֆեսորներու, տնտեսագէտներու, կրօնական, քաղաքական ու միջազգային կազմակերպութիւններու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, եւ նախաձեռնութեամբ՝ Մանուկներու պաշտպանութեան համաշխարհային օրուայ Քահանայապետական կոմիտէի:
Սիրենք եւ պաշտպանենք մանուկները՝ վճռական հրամայական
Կարդինալ Փարոլինի բնութագրմամբ՝ «մտածողութեան» եւ «փոխադարձ ունկնդրութեան» օր, որու ատեն՝ Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ բացումէն եւ փակումէն զատ, նախատեսուած են ութ վահանակներ՝ յիսուն բարձրաստիճան հիւրերու ելոյթներով:
Շնորհանդէսի ընթացքին իր ելոյթի մէջ Ծիրանաւորը մասնաւորապէս շեշտ դրաւ Քահանայապետի կողմէ ընտրուած նիւթին վրայ. «Սիրենք եւ պաշտպանենք զանոնք»։ Երկու գործողութիւններ՝ «սիրել եւ պաշտպանել» մանուկները, որոնք, ըստ Պետքարտուղարի, «վճռական հրամայական» են եւ պէտք է արժանանան միաձայն հաւանութեան, ապա եւ խմբերգային եւ խանդավառ յանձնառութեան»:
Պատերազմներու եւ գաղթի փոքրիկ զոհերը
Ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներով բնութագրուած այսօրեայ դարաշրջանը ի յայտ կը դնէ իրականութիւն մը, որ զուրկ է փոքրիկներու նկատմամբ սէրէն եւ պաշտպանութենէն՝ մեզ դարձնելով «պատերազմներու մասնակից, որոնք կը ներառեն հազարաւոր փոքր ու անպաշտպան զոհեր, ինչպէս նաեւ ողբերգութիւններ, որոնք տեղի կ՛ունենան մեր ծովերու մէջ՝ գաղթականներու հետ, անոնց շարքին բազմաթիւ մանուկներ», շեշտեց ի միջի այլոց Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղարը։
Հրէական եւ մահմեդական աշխարհի ներկայացուցիչներու ներկայութիւնը՝ «չափազանց թանկ»
Ապա՝ յղում կատարելով Աւետարանին, Ան նկատել տուաւ, որ Յիսուս առաջինն էր, որ իր աշակերտներէն խնդրեց «պաշտպանել մանուկներու ջինջ հայեացքը» եւ հրահանգեց «չգայթակղեցնել զանոնք»: Եկեղեցին կը շարունակէ անչափահասներու իրաւունքները պաշտպանելու յանձնառութիւնը «հակառակ իր որոշ անդամներու թերութիւններուն եւ դիւրաբեկութեան», հաստատեց Ծիրանաւորը՝ ընդգծելով միաժամանակ Եկեղեցւոյ պատրաստակամութիւնը՝ «ողջունելու եւ գնահատելու» տարբեր փորձագէտներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու «առաջարկները», անգամ այլ կրօնական դաւանանքներու «փորձը»։ Ասկէ մեկնելով Ան «չափազանց թանկ» գնահատեց հրէական եւ մահմեդական աշխարհի ներկայացուցիչներու ներկայութիւնը գագաթնաժողովին։
Բոլոր մանուկները իրաւունք ունին խաղալ խաղաղութեան եւ ազատութեան մէջ
2026 թուականի սեպտեմբերին Մանուկներու պաշտպանութեան Երկրորդ Համաշխարհային Օրուան ընդառաջ (առաջինը կայացած էր Հռոմի մէջ 2024 թուականի Մայիսին), Կարդինալ Փարոլինի յորդորը եղաւ․ «ունկնդրել մանուկներուն ձայնը՝ անոնց «ոչ»ը սովին, անհաւասարութեան, բռնութեան, պատերազմներուն եւ Արարչագործութեան աւերածութիւններուն»՝ շեշտելով հիմնարար միջոցներու հասանելիութիւնը երաշխաւորելու անհրաժեշտութիւնը, որոնք են՝ կրթութիւնը, սնունդը, առողջապահութիւնը եւ ազատ ժամանակը, քանզի «բոլոր մանուկները իրաւունք ունին խաղալու խաղաղութեան եւ ազատութեան մէջ»:
Ձեռնարկել գործողութիւններ, որպէսզի անչափահասները ողջունուին, սիրուին եւ պաշտպանուին
Վատիկանի Պետքարտուղարի վերջին կոչը առարկայական գործողութիւններ ձեռնարկելու հրաւէր էր, որպէսզի անչափահասները միշտ աւելիով ողջունուին, սիրուին եւ պաշտպանուին՝ նախաձեռնելով գործընթացներ, որոնք հանգեցնեն շօշափելի արդիւնքներու:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ