Որոնել

Covid: piazza San Pietro deserta

«Աշխատէ մեր հետ», Վատիկանի մէջ աշխատանքի դիմելու էջը

Այսօրուընէ Հասանելի է Տնտեսութեան Քարտուղարութեան նոր կայքէջը
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

«Աշխատէ մեր հետ», այս է Տնտեսութեան Քարտուղարութեան նոր կայքէջի նոր բաժինը, որ նուիրուած է բոլոր անոնց` որոնք կ՛ուզեն աշխատանքային դիմում ներկայացնել Վատիկանի մէջ աշխատանքի համար։ Արդարեւ այնտեղ տեղադրուած են նաեւ աշխատանքի մի քանի առաջարկներ ու անոնց յատուկ տուեալները։

Տնտեսութեան Քարտուղարութեան Վերատեսուչը այս առթիւ բացատրեց թէ «Տնտեսութեան բարեփոխումներու կեդրոնական թեման կը հայէր աշխատակազմին», որովհետեւ «բարեփոխումը իրականացնելու և Սուրբ Աթոռի առաքելութիւնն ի գործ դնելու համար անհրաժեշտ են համապատասխան` ունակութիւն, համոզում և, առաջին հերթին, բարոյական գիտակցութիւն ունեցող մարդիկ»:

«Շնորհիւ նոր կայքէջին առաջարկի և պահանջարկի միջև կապը աւելիով պիտի խթանուի» յայտնեց իր կարգին Սուրբ Աթոռի անձնակազմի գրասենեակի տնօրէն` Տիար Լուիս Հերրերան, նշելով որ կայքէջի այդ բաժինը ուղղուած է Վատիկանէն դուրս գտնուող աշխարհական անձնակազմին բայց եւ այնպէս Տնտեսութեան Քարտուղարութիւնը կ՛աշխատի նաեւ ներքին անձնակազմի շարժունակութիւնը խրախուսելու։

Տնտեսութեան Քարտուղարութեան նոր կայքը, ի լրումն Վերատեսչութեան գործառոյթներու և որոշումներու կայացման մասին տեղեկութիւններու, թափանցիկ կերպով կը ներկայացնէ նաև տնտեսական և ֆինանսական ու վարչական հարցերու վերահսկողութիւնն ու հսկողութիւնը կարգաւորող կանոնները՜

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2023, 10:00