Կարդինալ Փարոլինի եւ Սուրբ Աթոռի մտահոգութիւնը Իսրայէլի մէջ ստեղծուած իրավիճակի մասին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, որ երէկ ` 9 հոկտեմբերին Յիսուսեաններու Գրիգորեան Համալսարանին մէջ մասնակցեցաւ Պիոս ԺԲ Պապի Քահանայապետութեան ժամանակ «հրեայ-քրիստոնեայ» փաստաթուղթերու նուիրուած մէկ գիտաժողովին, այս առթիւ ունեցած իր ելոյթին սկիզբը իր անձնական, Սուրբ Աթոռի ու Քահանայապետին խոր մտահոգութիւնը արտայայտեց, ի տես անցեալ 7 հոկտեմբերին Իսրայէլի դէմ կատարուած յարձակումին, որ մեծ վիշտ պատճառեց Սրբազան Պապին։
«Երբեք չէի կարող մտածել, որ այսօր իմ այս ճառս սկսէի կիսելով ցաւը զոր Ֆրանչիսկոս Պապը արտայայտեց երէկ, Իսրայէլի մէջ պատահածին ի տես» ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը հաւաստիացնելով, որ «Սուրբ Աթոռը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի պատերազմին, որուն զոհն են նաեւ Կազայի բազմաթիւ պաղեստինցիները»։ Ան ապա մօտիկութիւն եւ աղօթք ապահովեցուց բոլոր զոհերու ընտանիքներուն ու բոլոր անմեղ քաղաքացիներուն համար, կրկնելով Քահանայապետին խօսքերը. «Պատերազմը միշտ ալ արժանապատւութեան պարտութիւն է եւ առիթ է չհասնելու ոչ մէկ լուծումի»։
«Դժբախտաբար` ահաբեկչութիւնը, բռնութիւնը, բարբարոսութիւնը եւ ծայրայեղականութիւնը կը խաթարեն պաղեստինցիներու եւ իսրայէլացիներու օրինական ձգտումները» յարեց ապա Ծիրանաւորը յոյս յայտնելով, որ «զէնքերը լռեն եւ գերակայէ բանականութիւնը ու այդ մէկը ծառայէ կանգ առնելու եւ խորհրդածելու թէ ո՞րն է Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մէջ խաղաղութեան տանող ուղիղ ճանապարհը»։
Կարդինալ Փարոլին անդրադարձաւ ապա իսրայէլացիներու ու պաղեստինցիներու միջեւ համակեցութեան անհրաժեշտութեան մասին ու այդ ուղղութեամբ դիւանագիտական գործիքներ ի գործ դնելու հարկաւորութեան։
«Մինչեւ այն ժամանակ, որ այս հարցը չի լուծուի, մինչեւ այն ժամանակ, որ չի գտնենք խաղաղութեան բանաձեւ մը, այս բաները սահմանուած են կրկնուելու ու միշտ աւելի մեծ դաժանութեամբ» յարեց հուսկ Ծիրանաւորը ընդգծելով, որ «պատմութիւնը մեզի ոչ մէկ բան սորվեցուց»։
Կարդինալ Փարոլինի վերջին թելադրանքը եղաւ «որոնել պայմաններ` որոնք թոյլ տան ապրիլ արդարութեան մէջ...որպէսզի Իսրայէլացիներու ու Պաղեստինցիներու միջեւ յարաբերութիւններու ողբերգական այս հարցը լուծուի արդարութեան հիմքի վրայ։ «Միայն այս մէկը կարող է ապահովել կայուն խաղաղութիւն եւ երկու ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ ու պտղաբեր համակեցութիւն» ըսաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ