Որոնել

TOPSHOT-NICARAGUA-RELIGION-TRADITION-CHINEGRO

Սուրբ Աթոռը կ՛ընկալէ Նիքարակուայի բանտէն ազատուած 12 քահանաներ

Վատիկանի մամուլի գրասենեակի տնօրէնը կը հաստատէ, որ Սուրբ Աթոռին խնդրուեցաւ հիւրընկալել վերջերս ազատ արձակուած քահանաները։ Անոնք պիտի տեղակայուին Հռոմի թեմի որոշ հաստատութիւններուն մէջ։

Վատիկան Նիուզ

«Կարող եմ հաստատել, որ Սուրբ Աթոռէն խնդրուած է` ընդունիլ Նիքարակուայէն վերջերս բանտէն ազատուած 12 քահանաներ: Սուրբ Աթոռը ընդունած է»: Այս մասին յայտնած է Վատիկանի մամուլի գրասենեակի տնօրէն Մաթթէօ Պրունին՝ պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն։

«Կէսօրէն յետոյ զանոնք կը դիմաւորէ Պետական​​քարտուղարութեան մէկ պատասխանատուն,- շարունակեց Պրունին,- և կը տեղակայուին Հռոմի թեմի որոշ հաստատութիւններուն մէջ»:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2023, 14:30