Սիւնհոդոսին կոչը «Ան որ զէնքի վաճառականութեամբ կը զբաղի թող վերագտնէ մարդասիրութեան իմաստը»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի հաղորդագրութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ, սիւնհոդոսի տեղեկատւութեան յանձնաժողովի նախագահ, Տիար Փաուլօ Ռուֆֆինին, ուրբաթ, 20 հոկտեմբերին յետմիջօրէին, Սուրբ Աթոռի մէջ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձաւ հինգշաբթի, 19 հոկտեմբերին եւ Ուրբաթ 20 հոկտեմբերին, Եկեղեցւոյ սիւնհոդասականութեան նուիրուած սիւնհոդոսին ընթացքին քննարկուած նիւթերուն։
Եպիսկոպոսաց ԺԶ սիւնհոդոսի առաջին նստաշրջանին, 14-րդ ընդհանուր ժողովին ընթացքին քննարկումի նիւթ եղած են, եկեղեցւոյ իշխանութեան վերաբերող թեման, վերահաստատուելով թէ եկեղեցւոյ իշխանութիւնը ծառայութիւն է որ «բոպիկ կը ծառայէ» ինչպէս նաեւ սեռային չարաշահումի հարցերը։
Իշխանութիւնը գերիշխանութիւն չէ այլ ծառայութիւն
Աշխատանքային փաստաթուղթին թիւ 3 հատուածին անդրադառնալով, որ կը կրէ որպէս վերնագիր «Մասնակցութիւնը, պատասխանատուութեան եւ հեղինակութեան պարտականութիւններ» Տիար Ռուֆֆինին նշեց, թէ վերահաստատուեցաւ «Հեղինակութիւն պարտադրելէ խուսափելու» յանձնառութիւնը» ընդգծելով թէ իշխանութիւնը գերիշխանութիւն չէ։
Ժողովին ընթացքին խօսակցութեան նիւթը եղած է յաճախ այն իրողութիւնը թէ
Ան որ իշխանութիւն ունի պէտք չէ հսկէ ամէն ինչի վրայ, այլ պէտք է ունենայ պատուիրելու կարողութիւնը ու Եպիսկոպոսին կ՝իյնայ վերջին խօսքը եւ ոչ թէ միակ խօսքը։
Խօսուած է նաեւ Հոգեւոր հովիւներուն մասին նշելով, թէ անոնց դերը կը կայանայ աղքատներուն ծառայութեան մէջ ու յանձնարարուած է ուշադիր ըլլալ ճամբաներու վրայ թափառող անձերու ճիչերուն։
Շեշտուած է նաեւ որ եպիսկոպոսները պէտք են կոչ ընեն սիրտի դարձի գալու, որպէսզի արթննան մարդասիրութեան զգացումները այն բոլոր անձերուն որոնք զէնքերու վաճառականութեամբ կը նպաստեն երրորդ համաշխարհային պատերազմին, որ կը պատճառէ միլիոնաւոր անձերու տառապանքը։
Համապատասխանատուութիւն եկեղեցւոյ մէջ
Տիար Փաուլօ Ռուֆֆինի նշեց, որ միջամտութիւններուն ընթացքին ամենաշատ գործածուած է Համապատասխանատուութիւն բառը հասկցուած որպէս շնորհապարգեւներուն ներգաւում եւ համակարգում։ Այս առումով աշխատանքներու մէջ ընդգծուած է անձնաւորութիւններու, կարողութիւններու յատուկէն աշխարականներուն յանձնառութիւնը արժէքաւորելու կարեւորութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ