Կարդինալ Փարոլին. «Ֆրանչիսկոս Պապ մեծ ակնկալիքներ ունի ԵՀՕ երիտասարդներուն հետ հանդիպումէն»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
ԵՀՕ առթիւ դէպի Լիզպոն ճամբորդութեան նախօրէին, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, «Վատիկան Նիուզ»ի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին զրուցեց Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներուն համաշխարհային օրուան ակնկալիքներուն ու յոյսի մասին։
Ֆրանչիսկոս Պապին ակնկալիքները Երիտասարդներու համաշխարհային օրէն
Վատիկանի Պետական քարտուղարը նշեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ մեծ սպասումներ ունի Լիզպոնի երիտասարդներու համաշխարհային օրէն, որուն համար Ան պատկերասփռուած տարբեր պատգամներով երիտասարդները հրաւիրած է Իրեն միանալու այս ուխտագնացութեան ու եկեղեցական ձեռնարկը պատրաստելու մանաւանդ աղօթքի միջոցաւ։
Կարդինալ Փարոլին ապա նշեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ մեծ յոյսով ու խանդավառութեամբ կը պատրաստուի ԵՀՕ եւ կը քաջալերէ երիտասարդները ունենալու միեւնոյն վերաբերմունքը։
Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետին մարգարէական ընտրութիւնը
Կարդինալ Փարոլին հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետին մասին, որուն կամքով ստեղծուած է ԵՀՕ, նշելով` թէ «Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ընտրութիւնը անկասկած մարգարէական ընտրութիւն է», ինչպէս նաեւ մարգարէական ներիմացում ու այս մարգարէական ներիմացումը այսօր եւս կը պահպանէ իր ամբողջ արդիականութիւնը, որովհետեւ կը փափաքի վերահաստատել եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը երիտասարդ սերունդներու նկատմամբ։
«Մեր աշխարհը կը գտնուի խոր փոփոխութեան մէջ։ Մեր աշխարհը ճանչցաւ Քովիտի համաճարակի ողբերգական փորձառութիւնը ու կ՝ապրի բազմաթիւ հակամարտութիւններու ներքեւ։ Այսօր՝ ողջ աշխարհին մէջ կարիքը կը զգացուի, որ երիտասարդները հանդիպին Յիսուսի դիմագիծին ու ճանչնան Անոր փրկութեան խօսքը եւ դառնան առաքեալներ։ Հետեւաբար երիտասարդներուն համաշխարհային օրը տակաւին կարեւոր առիթ ու միջոց է աշխարհի երիտասարդներուն աւետարանումի համար», ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը։
Եկեղեցին հաւատքի տարածումի մարտահրաւէրէն ներս շատ բաներ կ՝ակնկալէ երիտասարդներէն
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Եկեղեցին ի՞նչ կրնայ սորվիլ այսօրուան երիտասարդներէն, կարդինալ Փարոլին նշեց, որ Եկեղեցին հաւատքի տարածումի մարտահրաւէրէն ներս շատ բաներ կ՝ակնկալէ երիտասարդներէն։
Ան յարեց թէ ներկայ աշխարհին մէջ շատեր չեն ճանչնար Յիսուսը ու շատեր կը մերժեն զայն այսպէսով կ՝աճի իրենց հաւատքը կորսնցնող հաւատացեալներու թիւը, որոնք «իրենց կեանքը կ՝ապրին կարծես, թէ Աստուած գոյութիւն չ՝ունենար», ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը աւելցնելով, որ Սրբազան Քահանայապետը յաճախ խօսած է Աստուծոյ ժողովուրդին սերունդներու միջեւ հաւատքի փոխանցման խզումի մասին եւ բազմաթիւ ծնողներ չեն մկրտեր իրենց զաւակները ու չեն սորվեցներ աղօթել եւ շատեր կ՝երթան դէպի այլ հաւատքի հասարակութիւններուն։ Հետեւաբար երիտասարդները եկեղեցիէն կը խնդրեն, որ վերանորոգէ իր առաքելական սլացքը՝ առանց վախի եւ ձեռնակէ այն հովուական ծառայութեան եւ միսիոնարական ուղեւորութիւնը, որ այնքան շատ ըղձալի է Ֆրանչիսկոս Պապին։
Երիտասարդներու համաշխարհային օրուան պատգամով կարելի է յաղթահարել աշխարհը յուզող հարցերը
Կարդինալ Փարոլին նշեց, թէ երիտասարդները՝ աշխարհը յուզող հարցերը՝ պատերազմները, աղքատութիւնը, եսասիրութիւնը յաղթահարելու պատասխանը կը գտնեն երիտասարդներու համաշխարհային օրուան պատգամին մէջ, զոր Սրբազան Հայրը ուղղեց երիտասարդներուն, որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը կը ներկայացնէ Տիրամայրը, որ աւետումէն ետք անմիջապէս Եղիսաբեթին մօտ գնաց՝ անոր օգնելու համար։ «Տիրամայր մեզի ցոյց կու տայ մանաւանդ երիտասարդներուն՝ մօտիկութեան եւ հանդիպումի ուղին» ըսաւ Կարդինալ Փարոլին հաւաստիացնելով, որ երիտասարդները երբ կ՝ընթանան այս ուղեւորութիւններուն վրայ իրենց մէջ պիտի ունենան դիմագրաւելու եւ օգնելու կարողութիւնը՝ լուծելու եւ յաղթելու համար մեր ընկերութեան բազմաթիւ մարտահրաւէրները։
Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը Ֆաթիմայի Տիրամօր Սրբավայր
Խօսելով թէ ինչ իմաստ ունի Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը Ֆաթիմայի Տիրամօր սրբավայրը, կարդինալ Փարոլին նշեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆաթիմայի սրբավայրին մէջ պիտի հանդիպի երիտասարդ հիւանդներուն հետ ու անոնց հետ պիտի աղօթքէ վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը։ Նորին Սրբութեան փափաքն է վերյիշել 1917ին Տիրամօր երեք փոքրիկ հովիւներուն ուղղած պատգամը՝ մխիթարանքի, յոյսի խօսքերը՝ պատերազմով խոցուած աշխարհի մը մէջ, որ շատ տարբեր չէ այն իրականութենէն, զոր կը փորձարկենք այսօր» ըսաւ Ծիրանաւորը։
«Տիրամայրը փոքրիկ հովիւները հրաւիրեց ու անոնց միջոցաւ բոլոր անձերը՝ յատուկէն աղօթելու վարդարանը, աշխարհի մէջ խաղաղութիւնը ստանալու համար։ Ֆրանչիսկոս Պապ այս այցելութեամբ կը խնդրէ երբեք չյուսահատիլ եւ շարունակել աղօթել վարդարանը» հաստատեց Կարդինալ Փարոլինը։
Անդրադառնալով այն երիտասարդներուն, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ ԵՀՕ սակայն պիտի չկարենան ֆիզիկապէս ներկայ գտնուիլ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը նշեց, թէ մինչ՝ Լիզպոնի մէջ պիտի նշուի երիտասարդաց համաշխարհային օրը, տեղի պիտի ունենան նաեւ տեղական միջոցառումներ եւ կարելի է նաեւ ընկերային հաղորդամիջոցներով հետեւիլ ԵՀՕ։
Կարդինալ Փարոլին ի վերջոյ հրաւիրեց երիտասարդները հոգեպէս միանալու Պապին ու Փորթուկալի մէջ ներկայ գտնուող երիտասարդներուն, նոյնիսկ հեռուէն ապրելով այդ ԵՀՕ փորձառութիւնը աղօթելով բոլոր անոնց հետ, որոնք ֆիզիկապէս ներկայ են Լիզպոնի մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ