Որոնել

MONGOLIA-FRANCE-DIPLOMACY

Գերապայծառ Կալլակէր մեկնած է Մոնկոլիա

Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր կը գտնուի Մոնկոլիայի մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի կողմէ` Ֆրանչիսկոս Պապին 31 օգոստոսէն 4 սեպտեմբեր Մոկոլիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւնը յայտարարող հաղորդագրութենէն 24 ժամ ետքը, կիրակի 4 Յունիսին սկիզբ առաւ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղար` Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէրի ճամբորդութիւնը դէպի այդ ասիական երկիրը, ուր Վատիկանի ներկայացուցիչը պիտի մնայ մինչեւ վաղը` 6 Յունիս 2023։

Առաքելութիւն մը` որ արդեն ծրագրուած էր շատ ժամանակէ ի վեր եւ մաս կը կազմէ Սուրբ Աթոռի հետ երկկողմ յարաբերութիւններու գործըթացին։

Լուրը տարածուեցաւ Պետական Քարտուղարութեան թութըրեան կայքին վրայ հրատարակուած թուիթով մը, ուր տեղադրուած էր նաեւ երրօրեայ այցելութեան յայտագիրը, որուն մէջ նախատեսուած էր Կիրակնօրեայ պատարագ` Երկրի մայրաքաղաք Ուլաանպաաթարի Սուրբ Պետրոս ու Պօղոս Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, որուն յաջորդեց տեղական միսիոներական հասարակութեան հետ հանդիպումը։

Երկուշաբթի 5 Յունիսին հանդիպումներ նախատեսուած են Մոկոլական բարձրաստիճան Իշխանութիւններուն հետ` որոնց շարքին Սրտագին գործերու նախարար` Տիկ. Պաթմունք Պաթթսեթսեկի ապա Վարչապետ Լուվաննամսրայն Օյուն-Էրտէնի հետ իսկ վաղը` երեքշաբթի 6 Յունիսին, Գերապայծառ Կալլակէրը կը հանդիպի Մոնկոլիայի Նախագահ` Ուխնաակին Խուրելսուխի հետ։

Գալով Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ օգոստոսի աւարտին Երկրին տալիք այցելութեան նշենք` թէ նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը բացայայտած էր իր կամքը այդ այցը կատարելու ապա 2022ի օգոստոսին Կարդինալական տիտղոսին արժանացած Կարդինալ Մարենկոն իր կարգին յայտարարած էր թէ ինք անձամբ հրաւէր ուղղած էր Քահանայապետին այցելելու համար Մոնկոլիայի փոքր բայց աշխուժ կաթողիկէ հասարակութիւնը որ 3,5 միլիոն բնակչութեան վրայ կը հաշուէ 1.450 մկրտեալ։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2023, 09:00