Որոնել

2023.05.13 Il rosario in piazza San Pietro del 6 maggio 2023

Խաղաղութեան նուիրուած Վարդարանի աղօթք Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ

«Վարդարանը աղօթելով Սուրբ Կոյս Մարիամին եւ խոկալով անոր Զաւկին կեանքի խորհուրդներուն վրայ մեզի բոլորիս համար ու համայն աշխարհին համար, կը խնդրենք Սուրբ Հոգիին կենդանի ջուրը» ըսաւ ապա Գերապայծառ Փենիա Փառա յատուկէն Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնը հայցելով համայն մարդկութեան վրայ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 27 մայիս 2023ի Երեկոյեան Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարութեան Ընդհանուր Գործերու փոխանորդ` Գերապայծառ Էտկար Փենիա Փառա, Պենտեկոստէի տօնի նախօրեակին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ նախագահեց Մարեմեան ամսուայ ջահերով երթի եւ Սուրբ Վարդարանի աղօթքի եզրափակիչ արարողութիւնը։

Մենք, ըսաւ Ան, կ՛ուզենք Ամենասուրբ Մարիամի բարեխօսութեամբ հայցել ամենամեծ եւ ամենակարեւոր պարգեւը մեր կեանքին, որ է Սուրբ Հոգին։ Հայցենք զԱյն, որ է մեր մէջ Աստուծոյ սիրոյ ներկայութիւնը, լոյս որ կ՛ընկերանայ մեր քայլերուն, չորութեան մէջ ուրախութեան ակնաղբիւր, յաւերժ կենդանի կրակ, որ կ՛այրէ մեր եսասիրութիւնը և կը բանայ մեզ դէպի Աստուծոյ և մերձաւորի սէրը, մեզի պարգեւելով իսկական ուրախութիւնը եւ աւելի գեղեցիկ ու մարդկային դարձնելով մեր կեանքը, մեր քաղաքները ու մեր ընկերութիւնը»։

«Վարդարանը աղօթելով Սուրբ Կոյս Մարիամին եւ խոկալով անոր Զաւկին կեանքի խորհուրդներուն վրայ մեզի բոլորիս համար ու համայն աշխարհին համար, կը խնդրենք Սուրբ Հոգիին կենդանի ջուրը» ըսաւ ապա Գերապայծառ Փենիա Փառա յատուկէն Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնը հայցելով համայն մարդկութեան վրայ, «յատկապէս անոնց վրայ` որոնք վիրաւորուած են չարէն, բռնութենէն եւ պատերազմէն ու նաեւ անոնց համար, որոնք կորսնցուցին յոյսը եւ ապրելու իղձը, աղքատներուն եւ հիւանդներուն համար»։

Գերապայծառ Փենիա Փառա ապա Վարդարանի աղօթքի Փառաւորութեան խորհուրդները մեկնաբանելով աղօթք բարձրացուց առ Տիրամայր` Անոր հովանիին յանձնելով մարդկութեան ճակատագիրը ու խնդրելով` որ «մեր վրայ իջնէ խաղաղութեան եւ եղբայրութեան պարգեւը, որպէսզի դառնանք կարող փոխադարձ սիրոյ ու ծառայութեան եւ որպէսզի երկրային կեանքի դժուարութիւններուն մէջ մենք երբեք չի կորսնցնենք ճանապարհը, որ մեզ կը տանի դէպի երկինք»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2023, 15:00