«Կարդինալ Ծուփփին առաքելութիւնը միջնորդութիւն չէ այլ խաղաղութեան ուղիներ խթանել է». Կարդինալ Փարոլին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը` Սուրբ Աթոռի մօտ Իտալիոյ Դեսպանատան մէջ` Գերապայծառ Տարիօ Էտուարտօ Վիկանոյի «Քահանայապետերը եւ լրատուամիջոցները» վերտառութեամբ գիրքի շնորհանդէսի աւարտին խօսեցաւ խաղաղութեան ձեռնարկի մասին, որուն համար Ֆրանչիսկոս Պապը Կարդինալ Ծուփփին յանձնած է խաղաղութեան առաքելութիւն մը։
Պետական Քարտուղարը նշեց, թէ այս առաքելութեան անմիջական նպատակը «միջնորդութիւնը» չէ, այլ «Ուքրանիոյ պատերազմին մէջ լարուածութիւններու նուազեցումը» եւ ամենէն առաջ «խթանել մթնոլորտ մը` ուր կարելի ըլլան խաղաղութեան ուղիներ»։
Անդրադառնալով առաքելութեան թուականներուն Վատիկանի Դիւանագիտութեան Պետը նշեց` թէ տակաւին քննարկումի մէջ են ու թէ այս մէկը կախեալ է նաեւ խօսակիցներու տրամադրութենէն։
Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը ապա ուրախութիւն արտայայտեց Մոսկուայի կողմէ Քահանայապետին խաղաղութեան այս ձեռնարկը «դրական» գնահատուած ըլլալուն համար։
«Մենք ուրախ ենք` որ Մոսկուայի կողմէ կայ տրամադրութիւն ընդունելու Քահանայապետին պատուիրակը» ըսաւ ի միջի այլոց Կարդինալ Փարոլինը, որ ապա անդրադարձ կատարեց նաեւ Իտալիոյ հիւսիսային շրջանի մէջ գտնուող Էմիլիա Ռոմնաիան հարուածող ջրհեղեղին ու բնակչութեան ապրած դժուարին ու ցաւալի պահերուն մօտիկութիւն արտայայտելով անոնց, ապա մաղթանք յայտնելով` որ ապագային աւելի մեծ ուշադրութիւն յատկացուի ու խնամք տարուի հողատարածքին, «որպէսզի նման ողբերգութիւններ չի կրկնուին»։
Ի վերջոյ Կարդինալ Փարոլինը անդրադարձաւ նաեւ Քահանայապետին առողջութեան, նշելով` որ Ան ուրբաթ 26 Մայիսին չեղեալ նկատեց բոլոր ունկնդրութիւնները յոգնութեան պատճառաւ, տրուած ըլլալով, որ մէկ օր առաջ ընդունած էր բազմաթիւ մարդիկ եւ ուզած էր զանոնք ողջունել։ «հաւանաբար ինչ որ պահ մը կու գայ ու դիմադրութիւնը կը նուազի» ըսաւ Փարոլինը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ