Որոնել

Կարդինալ Փարոլին Կարդինալ Փարոլին 

«Սուրբ Աթոռի խաղաղութեան առաքելութեան մասին տեղեկութիւնները գաղտնի են. Բայց յառաջ կ՛ընթանանք». Կարդինալ Փարոլին

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը այսօր` 10 մայիսին մասնակցեցաւ Լատերանի համալսարանի մէջ կայացած` «մարդը, դաստիարակը. մարգարէն» խորագիրով Հայր Լորենցօ Միլանիին նուիրուած նկարներու ցուցահանդէսի բացման արարողութեան, Հայր Միլանիի ծննդեան հարիւր ամեակին առիթով։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

«Անշուշտ նորութիւններ կան բայց կը մնան գաղտնի։ Վստահ եմ, որ յառաջ պիտի ընթանանք»։ Հաստատումն է սա, որ կատարեց Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը, անգամ մը եւս պատասխան տալով լրագրողներուն, որոնք իրեն հարց տուին Քահանայապետին Պուտափեշտէն դէպի Հռոմ թռիչքի ընթացքին կատարած յայտարարութեան մասին, հայող խաղաղութեան ի նպաստ Սուրբ Աթոռի «առաքելութեան»։

Կարդինալ Փարոլինը այսօր` 10 մայիսին մասնակցեցաւ Լատերանի համալսարանի մէջ կայացած` «մարդը, դաստիարակը, մարգարէն» խորագիրով Հայր Լորենցօ Միլանիին նուիրուած նկարներու ցուցահանդէսի բացման արարողութեան, Հայր Միլանիի ծննդեան հարիւր ամեակին առիթով։

Կարդինալ Փարոլինը ի միջի այլոց ակկնարկեց նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բի դէմ կատարուած մահափորձի 42րդ տարեդարձին որ կը զուգադիպի եկող շաբաթ օր` 13 մայիսին, Ֆաթիմայի Տիրամօր տօնին օրը նշելով, թէ ինք այդ ժամանակ երիտասրադ Քահանայ մըն էր եւ լաւապէս կը յիշէ այդ օրուան ապրումը ու իր վրայ թողած տպաւորութիւնը։ «Քահանայապետի կեանքի դէմ մահափորձը եղաւ Եկեղեցւոյ համար մեծ փորձանքի ու մոլորումի պահ մը» ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2023, 11:50