«Զբօսաշրջութիւնը եւ կանաչ ներդրումներ». Զբօսաշրջութեան 44րդ Համաշխարհային Օրուայ պատգամ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Զբօսաշրջութիւնը եւ կանաչ ներդրումներ» այս է այս տարուայ Զբօսաշրջութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան կողմէ առաջարկուած նիւթը Զբօսաշրջութեան 44րդ համաշխարհային Օրուան համար, որ պիտի նշուի յառաջիկայ 27 սեպտեմբեր 2023ին եւ որուն առթիւ հրատարակուեցաւ նաեւ` Աւետարանութեան Վերատեսչութեան աշխարհի մէջ աւետարանութեան հիմնարար հարցերու համա-վերատեսուչ` Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլայի ստորագրութիւնը կրող պատգամը, որուն մէջ Ան կը հաստատէ թէ Եկեղեցին եւս կ՛ուզէ Պետութիւններու եւ ընկերակցութիւններու հետ կիսել այդ յանձնառումը` որպէսզի հիմնուած Ֆրանչիսկոս Պապին վարդապետութեան վրայ կարելի ըլլայ աւելի արդիւնաւէտ եւ դրական կերպով աճեցնել արարչագործութեան խնամքը. որ մարդոց կեանքի հիմնական նպատակն է։
Վկայել հիւրընկալութիւնը
Ասկէ մեկնելով Գերապայծառ Ֆիզիքելլան պատգամին մէջ կ՛անդրադառնայ վեց կարեւոր կէտերու մասին սկսեալ ` արարչագործութեան պաշտպանութեան համար կայուն ներդրումներ կատարելու հրամայականէն անցնելով քրիստոնեաներու դերակատարութեան` ուր ան կը հաստատէ թէ «մշակութային համակարգի մը մէջ ուր կը գերակշռէ անտարբերութիւնը շատ կարեւոր է, որ քրիստոնեաները վկայեն հիւրընկալութիւնը, որ մարդուն հանգիստ կը պարգեւէ եւ կը ստիպէ ապրիլ եղբայրութիւնը»։
«Երկխօսութեան մէջ մնալը, հետաքրքրուիլ որպէսզի արձակուրդը ըլլայ խաղաղութեան փորձառութիւն, այնպէս ընել որ Աւետարանը ըլլայ ձեռքերուն մէջ կամ դիմել ընթերցումներու, որոնք հետաքրքրութիւն կը յառաջացնեն աղօթքի և հոգևորութեան հանդէպ, որոշ նշաններ են, իմաստաւորելու համար արձակուրդի ժամանակը» կը գրէ Գերապայծառ Ֆիզիքելլա։
Կայուն տնտեսութիւն եւ մարդկային արժանապատւութիւն
Ան ապա որպէս երրորդ կէտ կ՛անդրադառնայ Կայուն Տնտեսութեան ու մարդկային արժանապատւութեան նիւթին, որպէս արարչագործութեան ուղղուած ուշադրութիւն, հաստատելով որ «Կարելի չէ որ բարոյականութեան առաջնահերթութիւնը մթագնուի շահի ծարաւէն»։
«Հարկաւոր է առիթ տալ սերունդներուն ստեղծագործութեան որպէսզի թոյլ տրուի վերագտնել իւրաքանչիւր անհատի արժանապատւութիւնը» կը գրէ Ֆիզիքելլան մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապին «Laudato si'» առաքելական նամակէն հատուածներ ու հրատապ նկատելով քաղաքականութիւններ` որոնք ուղղուած ըլլան բարելաւելու կեանքին որակը ու յատկապէս կեանքն անոնց, որոնք կը պատկանին ընկերութեան աւելի տկար խաւին։
Թիկունգ կանգնիլ արուսետին ու մշակոյթին
Գերապայծառ Ֆիզիքելլան կը հաստատէ ապա, թէ Եկեղեցին միշտ ալ ճանչցած ու թիկունք կանգնած է արուեստին ու մշակոյթին եւ անոնց պահպանումին, որովհետեւ «թոյլ կու տան ճանչնալ Աստուած ու կենդանի պահել քրիստոնէական արմատները» եւ ասկէ մեկնելով հրամայական կը նկատէ «մարդկութեան ժառանգութիւններուն» պահպանումը, որոնք յաճախ զբօսաշրջիկներու նպատակակէտերն են։ «Անոնց պաշտպանութիւնը բոլորիս պատասխանատուութիւնն է եւ ասոր համար պէտք է միշտ վճռակամ դատապարտել անոնց պահպանումին դէմ ուղղուած որեւէ բռնութիւն» կը գրէ Ֆիզիքելլան։
Պատասխանատու զբօսաշրջութիւն
Ան ապա կ՛անդրադառնայ պատասխանատու զբօսաշրջութեան նիւթին որ յարգէ միջավայրը ու հասարակաց տունը, որուն ծիրէն ներս կարեւոր կը նկատէ զբօսաշրջութեան մարզէն ներս աշխատողներու յանձնառումը շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց յանձնառումին համար մաղթելով նաեւ որ 2025ի Յոբելեանի պատրաստութիւնը ապրուի արարչագործութեան ուղղուած յատուկ ուշադրութեամբ վառ պահելով յոյսը միասին կառուցելու ապագան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ