Որոնել

2022.07.06 Giubileo 2025 logo in latino

Աւետարանութեան Վերատեսչութեան մամլոյ ասուլիսը նուիրուած 2025ի Յոբելենական տարւոյն

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին կը ներկայացուի Յոբելենական Մեծ Ձեռնարկներու օրակարգը, այդ ուղղութեամբ ի գործ դրուած գործընթացը ու ձեռք բերուած նպատակները, որոնց մէջ ներգրաւուած են չորս կազմակերպչական յանձնախումբեր։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ երեքշաբթի 9 մայիսի առաւօտեան ժամը 11,30 ին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի կեդրոնատեղիին մէջ, նախատեսուած է մամլոյ ասուլիս մը ներկայացնելու համար 2025ի Յոբելեանին նախապատրաստական փուլի ձեռնարկները եւ անոր ընդառաջ յատկանշական հանգրուանները։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին կը ներկայացուի Յոբելենական Մեծ Ձեռնարկներու օրակարգը, այդ ուղղութեամբ ի գործ դրուած գործընթացը ու ձեռք բերուած նպատակները, որոնց մէջ ներգրաւուած են չորս կազմակերպչական յանձնախումբեր։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին կը ներկայացուցի նաեւ 2025ի Յոբելեանի պաշտօնական նոր կայքէջը iubilaeum2025.va եւ կը յայտարարուի Յոբելեանի օրհներգի միջազգային մրցոյթը յաղթողին անունը։

Յունիս մէկին ապա բացումը կը կատարուի Յոբելեանին նուիրուած «Ուխտաւորներու Կեդրոն»ին, ուր զբօսաշրջիկներ եւ հաւատացեալներ կարող են տեղեկութիւններ ստանալ` մասնակցելու համար Յոբելենական տարւոյն ձեռնարկներուն, դառնալու կամաւորեր կամ 2025ին համար կազմակերպելու ուխտագնացութիւններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2023, 12:25