Հայր Ներսէս Թ. Ծ. Վ. Զապարեանը նշանակուեցաւ Պաղտատի Հայ Կաթողիկէներու Առաջնորդ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը այսօր` շաբաթ 27 Մայիս 2023ին հրատարակեց Հայր Ներսէս Թ. Ծ. Վ. Զապարեանի Պաղտատի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ նշանակուելուն լուրը։
«Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքական Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսը Պաղտատի Հայ Կաթողիկէներու Արքեպիսկոպոս ընտրեց Գերյ. Ներսէս (Ժոզէֆ) Զապարեանը, որ մինչեւ օրս կը վարէր նոյն թեմին առաքելական կառավարիչի պաշտօնը։ Ֆրանչիսկոս Պապը իր հաւանութիւնը տուաւ ընտրութեան։
Հայր Ներսէս Զապարեան ծնած է 6 Յունիս 1969ին Հալէպի մէջ։ Յաճախած է Հալէպի փոքր նորընծայարանը ապա Հռոմի Արեւելեան Ինստիտուտը եւ Գրիգորեան քահանայապետական համալսարանը։
Քահանայ ձեռնադրուած է 31 հոկտեմբեր 1999ին, անդամակցելով Հալէպի Աւագ Թեմին, ուր ծառայած է, որպէս Սանթա Պարպարա ժողովրդապետութեան փոխ ժողովրդապետ, ապա Ալ Իմամ դպրոցի փոխ տնօրէնի եւ տնօրէնի պաշտօնով, Սուրբ Խաչ ժողովրդապետութեան ժողովրդապետ եւ հովիւ ու առաջնորդ տարբեր եկեղեցական շարժումներու, ինչպէս նաեւ Քրիստոնէական Աստուածաբանութեան ինստիտուտի մէջ` որպէս դասատու։
27 սեպտեմբեր 2016ին նշանակուեցաւ Պաղտատի Աւագ Թեմի Պատրիարքական Կառավարիչ, հուսկ 2018ին դարձաւ նոյն թեմի Առաքելական Կառավարիչ։
2019 - 2022 տարիներուն Ան եղաւ Երուսաղէմի եւ Ամմանի Պատրիաքական թեմերու Էկզարք։ Կը խօսի հայերէն, արաբերէն, իտալերէն եւ անգլերէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ