Կանանց դերը աղքատութեան եւ սովի դէմ պայքարին մէջ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Այսօր եւս կանանց աշխարհը դժուարութիւններ ունի աշխատանքի շրջանակէն ներս, յատուկէն գիւղատնտեսութեան ոլորտէն ներս, սակայն անոնց ներդրումը կարեւոր է ընկերային աճումին մէջ։ Այս եղաւ Հռոմի քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցած, «Կանանց դերը սննդային անվտանգութենէն ներս» վերնագիրով գիտաժողովին ընդհանուր նիւթը։
«Կանայք կրնան մեծ ներդրում ունենալ աշխարհի մէջ աղքատութեան դէմ պայքարին մէջ եթէ անոնց մեծ տեղ տրուի գիւղատնտեսութեան ոլորտէն ներս ու պաշտպանուի անոնց իրաւունքները։ Գիւղատնտեսութեան մէջ աշխատողները կը ներկայացնեն աշխարհի բնակչութեան մէկ քառորդը սակայն անոնք դժուարութիւններ ունին հողերու, վարկերու եւ շուկաներ հասանելիութեան առումով ու անոնց աշխատանքը միշտ անտեսուած ու ճանչցուած չէ»։ Այս խօսքերով արտայայտուեցաւ գիտաժողովին ելոյթ ունեցողներու շարքին, ՖԱՕ ի մօտ ՄԱԿ-ի հետ գործընկերութեան համագործակցութեան բաժնի տնօրէնուհի Մարչելլա Վիլլարէալ։
Տիկին Վիլլարէալ իր ելոյթին մէջ բացատրեց, թէ ինչպէս այս վերջին տարիներուն աշխարհի մէջ սովը արագ կ՝աճի տնտեսական, կլիմային փոփոխութեան եւ տարբեր պատերազմներու պատճառով դիտել տալով, որ «Սովին աճումին վրայ կ՝ազդէ նաեւ արտադրողական կենսամիջոցներու հասանելիութեան մէջ կանանց եւ այր մարդոց միջեւ անհաւասարութիւնները, յատուկէն գիւղատնտեսական մարզէն ներս»։ Հետեւաբար իսկապէս եթէ կը փափաքինք արտմատախիլ ընկել անօթութիւնը աշխարհին մէջ հարկ է ապահովել, որ այր մարդիկ ու կայնաք ունեան գիւղատնտեսական մարզէն ներս միեւնոյն հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ գիւղատնտսեսութեան մէջ արտադրողական կենամիջոցներու հասանելիութեան առումով», ըսաւ ՖԱՕ ի մօտ ՄԱԿ-ի հետ գործընկերութեան համագործակցութեան բաժնի տնօրէնուհի Մարչելլա Վիլլարէալ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ