Եպիսկոպոսներու Սինոդին պիտի մասնակցին նաեւ «ոչ եպիսկոպոսներ»
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Երեկ՝ 26 Ապրիլին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին մէջ Եպիսկոպոսներու Սինոդի Ընդհանուր Քարտուղար Կարդինալ Մարիօ Կրէք եւ Ընդհանուր Զեկուցող Կարդինալ Ժան Քլոտ Հոլլերիխ ներկայացուցած են յառաջիկայ Հոկտեմբեր ամսոյն Վատիկանի մէջ կայանալիք Սինոդի ԺԶ Ընդհանրական Ժողովին նորութիւններն ու փոփոխութիւնները։
Նշենք, որ Եպիսկոպոսներու Սինոդի ԺԶ Սովորական Ընդհանուր Ժողովին առանցքը կը կազմէ Սիւնհոդոսականութեան համար Սինոդը, որու հիմքը դրած էր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 2018ին հաստատուած Episcopalis Communio առաքելական սահմանադրութեամբ։ Սինոդի Ընդհանրական Ժողովը պիտի ամփոփէ սիւնհոդոսականութեան տարածաշրջանային փուլերը, որ իր աշխատանքները սկսած էր դեռեւս 2021ին եւ պիտի շարունակի նաեւ 2024ին։
Նոր կանոնները
Փոփոխութիւնները չեն վերաբերիր ոչ բնոյթին եւ ոչ անուանումին, որ պիտի շարունակուի կոչուիլ սիւնհոդոսականութեան վերաբերեալ «Եպիսկոպոսներու Սինոդ»։ Պիտի փոխուի սակայն անոր մասնակցողներուն կազմը․ Սինոդի հոկտեմբերեան Ժողովին պիտի մասնակցին նաեւ «ոչ եպիսկոպոսներ», այսինքն քահանաներ, կրօնաւորներ եւ աշխարհականներ, որոնք ուղղակիօրէն պիտի նշանակուին Սրբազան Քահանայապետի կողմէ։
Բացի այդ, արտայայտելով Պապի փափաքը, ընտրութեան իրաւունք ունեցող ոչ եպիսկոպոս մասնակիցներու թիւը որոշուած է՝ 70, որոնցմէ 50 առ հարիւրը կանայք պիտի ըլլան, ինչպէս նաեւ մեծ կարեւորութիւն պիտի տրուի երիտասարդներու մասնակցութեանը։ Ֆրանչիսկոս կը ցանկանայ «ներքեւէն» սկսիլ՝ լսելի դարձնելու համար Աստուծոյ ժողովուրդին ձայնը:
Վերոնշեալ Ժողովին, որ պիտի կազմակերպուի Սինոդի Նոր Դահլիճէն ներս, նախատեսուած է աւելի քան 400 անձերու մասնակցութիւնը, որոնցմէ շուրջ 370ը քուէարկելու իրաւունք պիտի ունենան։ Նշենք, որ մինչ օրս շատ քիչ թիւ կազմած են ոչ եպիսկոպոս ընտրողները։
Եկեղեցին միշտ սիւնհոդոսական եղած է
Աւելցնենք նաեւ, որ Կարդինալ Հոլլերիխը՝ Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Խմբագրական կազմի ընդհանուր տնօրէն` Անտրէա Թորնիելլիին տուած հարցազրոյցի ընթացքին առաւել մանրամասն եւ առարկայական կերպով ներկայացուցած է Սինոդին առնչուող տարբեր հարցեր։
Ի մասնաւորի Ան անդրադարձած է «Սիւնհոդոսականութեան մասին Սինոդ» տիտղոսին, նշելով, որ այն կը նշանակէ «Եկեղեցին ապրիլ այնպէս, ինչպէս Աստուած կը ցանկանայ մեր ժամանակներուն համար, հռչակել Աւետարանը աշխարհին, մեր ժամանակակիցներուն»։ Կարդինալը շեշտած է նաեւ, որ «Եկեղեցին միշտ սիւնհոդոսական եղած է», մինչդեռ Աստուծոյ ողջ ժողովրդի մասնակցութիւնը ցոյց կու տայ, որ Սուրբ Հոգին կ’առաջնորդէ մեզ այնպէս, որպէսզի կարողանանք կեանքի կոչել այն, ինչ Վատիկանի Երկրորդ ժողովը հաստատած է»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ