Որոնել

2019.03.28 senzatetto, barbone, povertà, povero

Աղքատութիւնը վերացնելու համատեղ յանձնառութիւն․ Գերապայծառ Քաչա

Զարգացման ֆինանսաւորման ֆորումի նստաշրջանին ՄԱԿի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդ Գերապայծառ Կապրիելէ Քաչան վերահաստատեց անձերու համապարփակ զարգացման համար բոլոր հնարաւոր կենսամիջոցները համակենտրոնացնելու հրատապութիւնը
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Սուրբ Աթոռն իր ներդրումը բերած է ՄԱԿի 2023 թուականի Զարգացման ֆինանսաւորման ֆորումի բանավէճին․ Աղքատութիւնը աշխարհի մէջ կ’աճէ, ու նոյնքան աճող և ընդհանրական պէտք է ըլլայ պետութիւններու միջեւ անջրպետը լեցնելուն ուղղուած միջամտութիւնը:

Աղքատութեան դէմ զօրակցութեան հրատապ գործողութիւն

«Անհրաժեշտ է իրական համապարփակ զօրակցութիւն՝ օգնելու ամենէ աղքատներուն», վերահաստատած է ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական ​​դիտորդ Գերապայծառ Կապրիելէ Քաչան ՄԱԿի կենտրոնակայանին մէջ։ ԱՆ իր մտահոգութիւնը արտայայտած է, ի տես համավարակի հետեւանքով «ծայրայեղ աղքատութեան» մէջ գտնուող անձերու թիւին յաւելումին մինչեւ 356 միլիոն։

«Աղքատութիւնը, սովը, թերսնումը և հիմնական կենսամիջոցներուն հասանելիութեան բացակայութիւնը վիրաւորանք են մարդկային արժանապատւութեան համար» եւ մարտահրաւէրներ, որոնք կը պահանջեն «հրատապ գործողութիւններ՝ հիմնուած զօրակցութեան բարոյագիտական սկզբունքներու, իւրաքանչիւր մարդու ներքին արժանապատւութեան յարգանքի եւ հասարակաց բարիքի խթանման վրայ», ընդգծած է Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդը:

Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ջնջէ խոցելի երկիրներու պարտքը

Ան ապա պնդած է, որ միջազգային հանրութեան համար հրամայական է խոցելի երկիրներու պարտքի ջնջումը: «Իւրաքանչիւր երկիր պէտք է կարողանայ զարգանալ ազնուաբարոյ կերպով և զարգացնել նորարարութեան իր կարողութիւնները՝ յարգելով սեփական մշակոյթի նկատմամբ արժէքները»։

Օգնութիւնը պէտք չէ դառնայ գաղափարական գաղութացման գործիք

Վատիկանի ներկայացուցիչը եզրափակած է ըսելով, որ «միջազգային օգնութեան տրամադրումը երբեք պէտք չէ օգտագործուի գաղափարական գաղութացման ձևեր պարտադրելու»: Ընդհակառակը, իւրաքանչիւր մարդու ներքին արժանապատւութիւնը յարգելը՝ ներառեալ մշակութային արժէքները, և ընդհանուր բարիքի խթանումը պէտք է վերջնական չափանիշները հանդիսանան, որով պէտք է կշռադատուին միջազգային զարգացման և աջակցութեան բոլոր բնոյթները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2023, 12:54