Կարդինալ Փարոլին. «էմանուէլա Օրլանտիիnն» հայող հետաքննութիւնը կը շարունակուի
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, իտալիոյ պատգամաւորներուն պալատէն ներս կայացած միջոցառումի շրջանակէն ներս, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին մը ընթացքին անդրադարձաւ Էմանուէլա Օրլանտիին հարցին, Վատիկանի քաղաքաի 15 տարեկան աղջիկը որ անհետացաւ 1983 թուականին։
Ծիրանաւորը ըդգծեց թէ Սուրբ Աթոռին նպատակը այդ հարցը յստակացնել է, ու այդ պէտք է կատարել «մօր համար, որ տակաւին ողջ է ու շատ կը տառապի», ըսաւ Կարդինալ Փարոլին վստահեցնելով Սուրբ Աթոռին յանձնառութիւնը անցեալ յունուարին սկսած հետաքննութիւնները յառաջ տանելու։
Ան ապա անդրադարձաւ վերջին զարգացումներուն, Էմանուէլա Օրլանտիին եղբօր ուղիղ եթերով, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի սովորութիւններուն մասին արտայայտութիւններուն, զոր Ֆրանչիսկոս Պապ որակեց «վիրաւորական ու անհիմն»։ Կարդինալ Փարոլինը զարմանք յայտնելով պատահածի մասին նշեց. «Մեր նպատակը այդ կացութիւնը իսկապէս պարզաբանել ու յստակացնել է։
Վատիկանի Պետական Քարտուղարը անդրադարձ կատարեց նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին ապրիլ աամսուան վերջաւորութեան Հունգարիա կատարելիք ճամբորդութեան, որ թէեւ ոչ մէջ կապ ունի Ուքրանիոյ պատերազմին հետ, «բայց առիթ է, ըսաւ Ան, վերահաստատելու պատերազմի աւարտին ի նպաստ կոչը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ