Որոնել

Սուրբ Պետրոս հրապարակը Ծաղկազարդի տօնին օրը Սուրբ Պետրոս հրապարակը Ծաղկազարդի տօնին օրը  (Vatican Media)

Զատկին Սուրբ Պետրոսի հրապարակը կը վերածուի ծաղկած այգիի

Ծաղիկները եւ բոյսերը՝ Հոլանտայէն եւ Իտալիայէն են, մինչ Զատկի առթիւ ծաղկային ձեւաւորումները պիտի իրականացնեն Վատիկանի Պետութեան Կառավարութեան աշխատակիցները՝ հոլանտացի եւ սլովենացի փորձագէտներուն հետ համագործակցութեամբ:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Քրիստոսի Յարութեան ուրախութիւնը արտայայտելու եւ Սուրբ Զատկի հանդիսաւոր տօնը նշելու նպատակով Սուրբ Պետրոսի հրապարակը պիտի վերածուի հսկայական պարտէզի։

35000 ծաղիկներ

Ըստ Վատիկանի Պետութեան Կառավարութեան անցեալ շաբաթ օրուան մամլոյ հաղորդագրութեան, այդ առթիւ «աւելի քան 35,000 ծաղիկներ և բոյսեր պիտի շարուին Վատիկանի Պազիլիքայի նախամուտքին», որոնք պիտի հասնին Հոլանտայէն:

Ծաղիկներու այդ բոյլի մէջ ուրոյն տեղ պիտի ունենան հոլանտական «Spray roses» տեսակի գաճաճ վարդերը, որոնց 720 օրինակները միջազգային մշակողները Վատիկան պիտի առաքեն ՝ համագործակցութեամբ «Felini Foundation» հիմնադրամի, որ յայտնի է սերունդներուն արուեստի, յարգանքի, քաջութեան և ուրախութեան ուղերձներու միջոցով դաստիարակելու իր քաղաքականութեամբ:

Հաւաքական ձեռնարկ

Ծաղկային ձեւաւորումները եւ զարդարանքները պիտի իրականացուին Աւագ ուրբաթէն սկսեալ՝ Վատիկանի Պետութեան Կառավարութեան ենթակառուցուածքներու և այգիներու ու շրջակայ միջավայրի ծառայութեան աշխատակիցներու կողմէ, որու մէջ իրենց ներդրումը պիտի ունենան նաև հոլանտացի եւ սլովենացի փորձագէտները:

Աւելացնենք, որ երեկ՝ 2 Ապրիլին Ծաղկազարդի Պատարագին, Իտալիոյ Ումպրիա շրջանէն բերուած 110,000 ձիթապտղի ճիւղերը բաժնուեցան հաւատացեալներուն Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/04/2023, 08:13