Կարդինալ Փարոլին. «Հունգարիոյ մէջ Պապը որպէս խաղաղութեան, ընդունելութեան եւ հանդիպումի ուխտաւոր»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապին Հունգարիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան առթիւ, «Վատիկան Նիուզ»ը հարցազրոյց կատարեց Վատիկանի Պետական քարտուղար` կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն սկիզբը ծիրանաւորը յայտնեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապ երկրորդ անգամուան համար կ՝այցելէ Հունգարիան, ու թէ առաջին այցելութիւնը տեղի ունեցած է 2021ին, Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային համագումարի եզրափակումին առթիւ։
Ճամբորդութեան նպատակը
«Նորին Սրութեան երրօրեայ այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ մայրաքաղաքին ներս ուր ժողովուրդը անհամբեր կը սպասէ Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերուն ընտանիքի եւ հիւրընկալութեան մասին» ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը։
Վատիկանի Պետական քարտուղարը նշեց, որ այս Ճամբորդութիւնը «խոստումի մը ուրախ իրականացումն է», Նորին Սրբութեան 2021 թուականին սեպտեմբերին Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային համագումարի առթիւ Պուտափեշտ կատարած այցելութենէն ետքը։
«Այս առաքելական ճամբորդութեամբ, Ֆրանչիսկոս Պապ նախ եւ առաջ կը փափաքի իրականացնել եւ ամբողջացնել Պուտափեշթ կատարած իր նախորդ այցելութիւնը, ճամբորդութեան մեծ մասը յատկացնելով Հունգարացի ժողովուրդի տարբեր խումբերու հետ հանդիպումներուն։
«Հունգարիան սահմանակից է Ուքրանիոյ. Ի՞նչ նշանակութիւն ունի Պապին ներկայութիւնը» հարցումին պատասխանելով Կարդինալ Փարոլին յայտնեց, որ սոյն այցելութիւնը ծրագրուած էր արդեն երկար ժամանակէ ի վեր, հետեւաբար Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը պայմանաւորուած չէ ներկայ իրավիճակով եւ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմով։ Սակայն պիտի չ՝անտեսուին բոլոր հնարաւորութիւնները՝ որոնք կրնան յառաջանալ խաղաղութեան նպաստելու համար։
Գաղթականներուն հարցը
Հարցազրոյցի ընթացքին Վատիկանի Պետական քարտուղարին շօշափած նիւթերէն եղաւ նաեւ գաղթականներուն հարցը, որուն մասին արտայայտուելով Ան յայտնեց, թէ այսօր, Բ համաշխարհային պատերազմէն ետք, Եւրոպայի մէջ կ՝ապրինք գաղթականներու ամենէն մեծ ճգնաժամը՝, աւելի քան 8 միլիոն Ուքրանացի գաղթականներ անցած են Եւրոպական միութենէն։ «Հունգարիան այս կացութեան ներքեւ յանձնառու կը մնայ իր սահմանները բաց պահելու Ուքրանիոյ մէջ պատերազմէն փախչող անձերուն դիմաց» ըսաւ Ան անդրադառնալով տեղական կաթողիկէ եկեղեցիին, Քարիթասին ու նաեւ պետութեան ջանքերուն` հիւրասիրելու եւ խնամելու համար դէպի Եւրոպական այլ երկիրներ գացող գաղթականները, օգնելով որ անոնք մարդավաճառութեան զոհ չդառնան։
Հունգարիոյ բնակչութեան սպասումները
Կարդինալ Փարոլին նշեց, որ Հունգարիոյ ժողովուրդը ունի զօրաւոր, կենդանի հաւատք եւ յատուկ ջերմեռանդութիւն երկրին մէջ մեծարուած բազմաթիւ սուրբերուն նկատմամբ, որոնց շարքին Սուրբ Մարթինոն, Սուրբ Ստեփանոսը, եւ Սրբուհի Եղիսաբեթը։
Հունգարիան կենդանի հաւատք ունեցող երկիր է, Ան ներկայիս հաւատքը կենդանի պահելու կարիքը ունի, նկատի առնելով, որ կ՝ապրինք անցեալէն տարբեր միջավայրին մը մէջ, որ, ինչպէս Սրբազան Հայրը կը յիշէ, «այս միջավայրը ոչ միայն կը ներկայացնէ փոփոխութիւններու ժամանակաշրջան մը, այլ ժամանակաշրջանին փոփոխութիւնը»։ Հետեւաբար կան դիմագրաւելիք նոր ճգնաժամեր, որոնք կը վերաբերին կղերին, երիտասարդներուն, ինչպէս նիւթապաշտութեան եւ սպառողականութեան...ըսաւ ի միջի այլոց Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը որ հարցազրոյցի աւարտին մաղթանք յայտնեց , որ Ֆրանչիսկոս Պապը «իրականացնէ իր նպատակները, որպէս տիեզերական հովիւ ամրապնդելով իր եղբայրները իրենց հաւատքին մէջ, մխիթարելով ու քաջալերելով զանոնք ու կրկին առաջարկելով Յիսուսին գեղեցիկ աւետիսը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ