«Անոր ողորմութիւնը սերունդէ սերունդ կը տարածուի». Տարեցներու Երրորդ Համաշխարհային Օր
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Կիրակի 23 Յուլիս 2023ին պիտի նշուի Տարեցներու եւ տատիկ պապիկներու Երրորդ Համաշխարհային Օրը, որուն Քահանայապետին կողմէ ընտրուած այս տարուան նիւթն է «Անոր ողորմութիւնը սերունդէ սերունդ կը տարածուի» (Ղուկ. 1,50) եւ կ՛արտայայտէ մի քանի օրեր ետք (1-6 օգոստոս 2023), Լիզպոնի մէջ նշուելիք Երիտասարդներու համաշխարհային Օրուան հետ կապը»։ Լուրը կը կարդանք Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութեան հրատարակած հաղորդագրութեան մը մէջ։
«ԵՀՕ նիւթը «Մարիամը փութով ճամբայ ելաւ եւ գնաց» (Ղուկաս 1:39), արդարեւ մեզի ցոյց կու տայ երիտասարդ Մարիամը, որ ճամբայ կ՛ելլէ իր տարեց զարմիկին՝ Եղիսաբեթին այցելելու համար, որ Մեծացուսցէին մէջ բարձրաձայն կը հռչակէ. երիտասարդներու և տարեցներու միջեւ դաշինքին զօրութիւնը» կը կարդանք միշտ վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ ուր ապա կը տեղեկացուի թէ «Օրուան առիթով Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագը եւ հրաւէր կ՛ուղղէ համայն աշխարհի բոլոր ժողովրդապետութիւններուն, թեմերուն, ընկերակցութիւններուն ու եկեղեցական հասարակութիւններուն այդ Օրը նշելու տեղական գետնի վրայ` հովուական ծառայութեան ոլորտէն ներս։
Օրը հռչակուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ
Նշենք թէ «Տատիկներու, պապիկներու եւ տարեցներու համաշխարհային Օր»ը, հաստատուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ 31 Յունուար 2021-ին եւ ամէն տարի կը նշուի
Յուլիս ամսուայ չորրորդ կիրակին, Սուրբ Յովակիմ եւ Սրբուհի Աննայի՝ Յիսուսին մեծ մօր ու մեծ հօր, տօնին ամենամօտ կիրակին։
Օրուան յայտարարութեան առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ի միջի այլոց ըսած էր, թէ «ծերութիւնը պարգեւ մըն է ու թէ տատիկ ու պապիկները տարբեր սերունդները միացնող օղակն են, երիտասարդներուն փոխանցելու համար կեանքի եւ հաւատքի փորձառութիւնը»։
«Մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը յաճախ մոռցուած են ու մենք կը մոռնանք այս հարստութիւնը՝ արմատները պահանելու ու զանոնք փոխանցելու հարստութիւնը» ընդգծած էր Քահանայապետը մատնանշելով թէ ասոր համար է որ ինք որոշեց հաստատել Տարեցներու, տատիկներու եւ պապիկներու համաշխարհային օրը։
«Կարեւոր է որ մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը հանդիպին իրենց թոռնիկներուն ու թոռնիկները հանդիպին իրենց մեծ հայերուն ու մեծ մայրերուն հետ, որովհետեւ անոնք իրենց թոռնիկներուն դիմաց կ՛երազեն մինչ երիտասարդները ուժ քաղելով իրենց տատիկ պապիկներէն յառաջ պիտի ընթանան մարգարէանալով» աւելցուցած էր այդ առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ