Սուրբ Աթոռը Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու կողքին է. Գերապայծառ Կուճերոթթի
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատսեչութեան Վերատեսուչը բացումը կատարելով Կիպրոսի մէջ գումարուած «Յոյսի մէջ արմատացած» վերտառութեամբ հաւաքին, որ կազմակերպուած է յիշատակելու համար Պենետիկտոս ԺԶ երջանկայիշատակ Քահանայապետի «Ecclesia in Medio Oriente» յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրի տասնամեակը, ի միջի այլոց յայտնեց, որ «Արեւմուտքը մեծ ու ծանր պատասխանատուութիւն կը կրէ Միջին Արեւելքի պայմաններու ապակայունացման գործին մէջ», «ի տես այն միտումին` մեր մշակոյթը արտահանելու և ժողովուրդներէն խնդրելու` որ իրենց կեանքը պատշաճեցնեն այդ մշակոյթին» ըսաւ Ան։
Մտահոգութիւն ի տես արեւելեան եկեղեցիներու հաւատացեալներու սփիւռքին
«Որպէս արեւմուտքի կաթողիկէներ ներողութիւն կը խնդրենք այս կարճատես տեսութեան աջակցած ըլլալուն համար։ Յարգանքի տուրք կը մատուցենք ձեր հերոսական ջանքերուն` ըլլալու մեր միացեալ հաւատքի վկաները, հակառակ ամէն տեսակ դժուարութիւններուն» ըսաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը, որ ապա մտահոգութիւն արտայայտեց Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու «սփիւռքի» կապակցութեամբ, որ հետեւանքն է Միջին Արեւելքի մէջ ապրուած ողբերգական իրավիճակին։
Սուրբ Աթոռին դերն է «թիկունք կանգնիլ մերձաւոր արեւելքի քրիստոնեաներուն» ուստի «առաջնահերթ է» ըսաւ միշտ Գերապայծառ Կուճերոթթին «Լատին Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն աջակցութիւնը, ձեր հաւատքի վկայութեան գործին մէջ, պահպանելով ձեր ինքնուրոյն աւանդութիւնները»։
Հպարտ ացնեալի հաւատքով բայց վերածնունդի տեսլականով
«Տիեզերական Եկեղեցին չի կրնար կորսնցնել Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու հաւատքը, վկայութիւնը, ժառանգութիւնը եւ ներկայութիւնը» շեշտեց Ան, հաստատելով, որ ասոր համար է, որ «ան ներկայ պիտի ըլլայ տնտեսական օժանդակութեան միջոցաւ ու նաեւ ձեր հետ կիսերով «առաջնահերթութիւնները, տեսութիւնը ու ձեր դերակատարութիւնը, որպէսզի հպարտ ըլլաք ձեր անցեալով աւանդութեան մէջ գտնելով վերածնունդի կենդանի գործիք մը»։
Քրիստնէական իրական ինքնութիւնը
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարք Գերերջանիկ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլա, որ ի միջի այլոց նշեց թէ Միջին Արեւելքի մէջ «անհրաժեշտ է վերագտնել քրիստոնէական իրական ինքնութիւնը» խօսելով տարածաշրջանի երկիրներուն մէջ ապրուած դժուարութիւններու մասին։
Հաւաքին կը մասնակցին Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու 250 ներկայացուցիչներ, որոնք մինչեւ կիրակի միասնաբար պիտի խորհրդածեն վերոնշեալ յորդորագիրի ու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու եւ եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներու մասին։
Հաւաքի ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան զանազան Եկեղեցական անձնաւորութիւններ ու մասնագէտներ, որոնք կը զեկուցեն տարբեր նիւթերու մասին, ինչպէս` «քրիստոնէական կազմաւորումը», «Իսլամական Պետութենէն մինչեւ Մարդկային եղբայրութիւնը», «Ազատութիւն եւ իրաւունք» ապա «Քրիստոնեաներու յանձնառումը» եւ «Միջին Արեւելքի մէջ կաթողիկէ հաստատութիւններու մարտահրաւէրներն ու հնարաւորութիւնները»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ