Պէտք է պաշտպանել Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն քաղաքացիութեան իրաւունքը. Գերապայծառ Կուճերոթթի
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Հաւաքը մեզի թոյլ տուաւ աղօթել միասին,զիրար ունկնդրել որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր։ Այս է Եկեղեցին»։ Այս խօսքերով է, որ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճերոթթին ամփոփեց Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիայի մէջ անցեալ օրերուն կայացած եւ կիրակի 23 ապրիլին եզրափակուած Արեւելեան Եկեղեցիներուն հաւաքը, որ գումարուած էր «Եկեղեցին Արեւելքի մէջ» Պենետիկստոս ԺԶ յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրի տասնամեակին առիթով։
250է աւելի կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ
Չորս օր տեւած հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին տարածաշրջանի 250է աւելի կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին պատրիարքներ, եպիսկոպոսներ, կրօնաւորներ ու նաեւ աշխարհական շարժումներու անդամներ որոնք միասնաբար քննարկեցին վերոնշեալ յորդորագիրի լոյսին տակ մինչեւ օրս կատարուած քայլերը ու նաեւ տարածաշրջանին ապրած յեղաշրջումները։
Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները լիիրաւ քաղաքացիներ
Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Գերապայծառ Կուճերոթթի ընդգծեց Արեւելքի քրիստոնեաներուն կարեւորութիւնը, տարածաշրջանին մէջ անոնց ներկայութիւնը, հաստատելով, թէ «անոնք գոյութիւն ունին նոյնիսկ իսլամութենէն առաջ», եւ ասոր համար է, որ «ընդհանրական Եկեղեցին անոնց համար կը պահանջէ լիարժէք իրաւունքներ, որպէս տարածաշրջանի լիիրաւ քաղաքացիներ», ըսաւ Արեւելեան եկեղեցիներու վերատեսչութեան ղեկավարը, ակնարկելով նաեւ այդ քրիստոնեաներու ապագային, տրուած ըլլալով, որ պատերազմներու, ճգնաժամերու, սպանութիւններու, խտրականութեան ու արմատականութեան պատճառաւ, շատերը ստիպուած եղան թողուլ իրենց հայրենիքը եւ գաղթել այլուր, ինչ որ զգալիօրէն նուազեցուց քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը։
Անսալ երիտասարդներու ձայնին
Մեր հարցումն է «ի՞նչպէս կարելի է օգնել արտագաղթած հաւատացեալներուն։ Ի՞նչպէս կարելի է լատին եպիսկոպոսներուն ուշադրութիւնը դարձնել, որպէսզի հոգ տանին այդ ընտանիքներուն եւ օգնեն, որ անոնք կարողանան կաշկանդուած մնալ իրենց հաւատքին։ Ապա պէտք է` որ շարունակենք տնտեսական աջակցութիւնը այդ հողերուն վրայ տակաւին ապրող քրիստոնեաներուն, բայց յատկացուած գումարներուն համար կը պահանջուի «մատակարարումին մէջ թափանցիկութիւն», նշեց ըսաւ Գերապայծառ Կուճերոթթին աւելցնելով, որ ժողովի ընթացքին ի յայտ եկաւ այլ կարեւոր կէտ մը` այն է, թէ «տարածաշրջանին մէջ տակաւին գոյատեւող երիտասարդները կ՛ուզեն որ իրենց ձայնը լսելի ըլլայ եւ դերակատարութիւն ունենան Եկեղեցիէն ներս, անոր ապագան ծրագրելուն մէջ, անոնք չեն ուզեր լոկ ծառայութիւններու օգտագործողները ըլլալ», հաստատեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ