Լիզպոնի ԵՀՕ Երիտասարդները կը քննարկեն կայուն ապրելակերպերը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
2023 թուականին, 6 օգոստոսին նախատեսուած երիտասարդներուն համաշխարհային օրուան հոգեւոր պատրաստութեան ծիրէն ներս բազմաթիւ երիտասարդներ ընդգծած են, թէ իրենց համար համապարափակ բնապահպանութիւնը ներկայ Քահանայապետութեան առաջնահերթ նիւթերէն է, ու այս կապակցութեամբ անոնք փափաք յայտնած են անձամբ յանձնառու դառնալ։
Արդարեւ, Յովհաննէս Պօղոս Բ հիմնարկը, 31 յուլիսին, Լիզպոնի Կաթողիկէ համալսարանէն ներս երիտասարդաց համար կազմակերպած է 4-րդ միջազգային համագումար մը, արարչագործութեան խնամքի վերաբերեալ, ունենալով որպէս նիւթ, « Երիտասարդներու յանձնառութիւնը համապարփակ բնապահպանութեան ի սպաս։ Ապրելակերպեր նոր մարդկութեան համար։
Յիշեալ 4,րդ միջազգային համագումարին մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, որ համագումարին պիտի մասնակցին եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու, կաթողիկէ համալսարաններու, միջազգային ընկերակցութիւններու համալսարանական երիտասարդներու ներկայացուցիչներ, որոնք արդեն կը գտնուին Լիզպոնի մէջ Երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքին համար։
Համաժողովը կազմակերպուած է, որպէս երիտասարդներուն եւ մասնագէտներուն միջեւ հանդիպում, ներկայացնելու համար իրենց միտքերը մարդկային կեանքի հինգ ոլորտներու շուրջ՝ Տնտեսութիւն, կրթութիւն, ընտանեկան կեանք, բնական հարստութիւններ, քաղաքականութիւն, արհեստագիտութիւն։
համաժողովին պիտի բանախօսեն ի մէջ այլոց, Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ ծառայութեան համար վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Միքաէլ Չեռնի, Հաղորդակցութեան վերատեսչութեան անդամ, քոյր Վերոնիքա Տոնաթելլօ եւ Եւորպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերուն խորհուրդի նախագահ, գերապայծառ Քլաուտիօ Ճուլիոտորի։
Համագումարին աշխատանքները պիտի եզրափակուին ամփոփիչ յայտարարութեամբ մը, որ պիտի բովանդակէ քննարկումներու արդիւնքները եւ յետագայ գործողութիւններուն եւ մտորումներու հիմքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ