Որոնել

Գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլակեր դասախօսութեան ընթացքին Գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլակեր դասախօսութեան ընթացքին 

Գերապայծառ Կալլակեր, թող պատերազմը աւարտի, ոչ այնպէս ինչպէս կ՝երեւակայեն Զելնսքին եւ Փութինը

Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր «Դիւանագիտութիւն եւ Աւետարան» վերնագիրով դասախօսութեան ընթացքին նշեց որ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութիւնը ներշնչուած է Աւետարանէն ու միշտ կը նպաստէ խաղաղութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լիքթէսթայն կատարած այցելութեան ծիրէն ներս, Սուրբ Աթոռի պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն յարաբերութեան հետ քարտուղար, արքեպիսկոպոս Ռիչարտ Փոլ կալլակեր ելոյթ ունեցաւ «Վատուզ» մայրաքաղաքին քաղաքապետարանի մէջ կազմակերպուած «Դիւանագիտութիւն եւ Աւետարան» վերնագիրով դասախօսութեան։

Ելոյթին սկիզբը գերապայծառ Կալլակեր նշեց, թէ բոլորս խաղաղութեան քաղցը ունինք եւ այդ խաղաղութեան կարելի չէ հասնիլ եթէ չ՝ընթանանք հաշտութեան ուղիներուն վրայ։ «Քահանայապետական քաղաքականութիւնը ներշնչուած է Աւետարանէն, որ միշտ խաղաղութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան ի նպաստ է,  ունենալով որպէս ուղեգիծ ողորմութիւնը», ըսաւ Արքեպիսկոպոսը։

Սուրբ Աթոռի պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղարը ակնարկելով Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին, նկատել տուաւ, որ «այսօր Եւրոպան աւելի քան երբեք կը զգայ խաղաղութեան դէմ սպառնալիքը ու թէ հակառակ Նորին Սրբութեան եւ Սուրբ Աթոռի թափած ջանքերուն, տակաւին օգտակար ցող չէ բացուած խթանելու համար Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ խաղաղութեան միջնորդութիւն մը։

Գերապայծառ Կալլակեր իր ելոյթին մէջ ընդգծեց, թէ Համալսարանը առանձնաշնորհեալ վայր մըն է՝ խաղաղութեան մշակոյթը աճեցնելու համար ու Ապա անդրադառնալով մարդկային իրաւունքներու տիեզերական յայտարարութեան 75 ամեակին, որ պիտի նշուի յառաջիկայ 10 դեկտեմբերին, յիշեց, որ եկեղեցին առաջին հերթին կանգնած է ոչ միայն մարդուն քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքներուն յարգանքի կողքին այլեւ տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային իրաւունքներուն, որոնք միաժամանակ հաստատուած են վերոյիշեալ տիեզերական յայտարարութեան մէջ»։

Գերապայծառ Կալլակեր ելոյթը աւարտեց շեշտելով, որ քաղաքականութեան պատասխանատուութիւնը պէտք է ապրեցուի ողորմածութեան նշանով, որպէս եղբայրսիրութեան ձեւ ու Քրիստոսի հաւատացեալները պէտք է միշտ կենդանի պահեն խաղաղութեան գաղափարը ու Աստուծոյ վստահին, որ այս պատերազմը պիտի աւարտի, նոյնիսկ եթէ անիկա պիտի չ՝ըլլայ Նախագահ Փութինի եւ Զելենսքի երեւակայած աւարտը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2023, 11:17