Ուելսի Անկլիքան Եկեղեցւոյ հարիւրամեակի առթիւ ընծայ՝ Շարլզ Գ Թագաւորին
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Մաթթէօ Պրունին հինգշաբթի՝ 20 Ապրիլին, հաստատած է, որ այս ամսոյն սկիզբը «Առաքելական նուիրակութեան միջոցաւ Սուրբ Աթոռը Ճշմարիտ Խաչի Մասունքի բեկորներ նուիրաբերած է Միացեալ Թագաւորութեան Արքայ և Անկլիքան եկեղեցւոյ Գերագոյն Կառավարիչ Նորին Մեծութիւն Շարլզ Գին՝ որպէս տիեզերական վարմունք՝ Ուելսի Անկլիքան Եկեղեցւոյ հարիւրամեակի առթիւ»:
Խօսքը երկու փոքրիկ փայտէ բեկորներու մասին է այն խաչի, որուն վրայ քրիստոնէական աւանդոյթի համաձայն Յիսուս խաչուած է: Վատիկանին մէջ պահուած այդ արժէքաւոր մասունքները յանձնուած են Լոնտոնի Սուրբ Յակոբոս թագաւորական մատուռ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ