Որոնել

Վենետիկի երկամեայի վերաբերեալ մամլոյ ասուլիս Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ Վենետիկի երկամեայի վերաբերեալ մամլոյ ասուլիս Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ 

Սուրբ Աթոռը ճարտարապետական Վենետիկի երկամեային, «երկրի աւելի լաւ ապագային համար»

Սուրբ Աթոռը իր տաղաւարով կը մասնակցի Վենետիկի ճարտարապետական երկամեայ 18-րդ շնորհանդէսին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 18 ապրիլին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակէն ներս ներկայացուեցաւ «Ընկերային բարեկամութիւնը, հանդիպիլ պարտէզի մէջ» վերտառութեամբ, Վենետիկի ճարտարապետական երկամեային Սուրբ Աթոռը ծրագիրը։ Վենետիկ երկամեան սկիզբ կ՝առնէ յառաջիկայ 20 մայիսին եւ վերջ պիտի գտնէ 26 նոյեմբեր 2023ին։

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցողներուն շարքին զրուցեց նաեւ Սուրբ Աթոռի մշակոյթի եւ կրթութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մենտոնքա։ Ելոյթին մէջ Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մենտոքա մէջ նշեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետ ընտրութեան 10 տարեդարձին առիթով, Սուրբ Աթոռը կը վերադառնալ Վենետիկի երկամեային իր տաղաւաորով, որուն պատասխանատուութիւնը ստանձնած է մշակոյթի եւ կրթութեան վերատեսչութիւնը։
.
Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ նշեց, որ այս երկու ձեռնարկներուն համընկնումը, կը բանայ երկխօսութեան կարելիութեան՝ ականատես ըլլալով, թէ ինչպէս այս քահանայապետութեան կարգ մը սկզբունքներ կրնան ժամանակից ճարտարապետութեան բանալի դառնալ եւ մերձենալ տեսլականի մը, որ կ՝որդեգրէ տարբեր ապագայ մտածելու վտանգը։

«Հանդիպումի նշանին տակ Սուրբ Աթոռը, 2023 թուականին կը դառնայ Վենետիկի երկամեայ։ Քահանայապետութեան 10 տարիներուն ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապ գործեց եւ խօսեցաւ բոլորը ներգրաւելու իմաստին մասին առանց մոռնալու աղքատները, արուարձանները, գաղթականները» ըսաւ Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ։ Ան ապա ելոյթը աւարտեց իր երախտագիտութիւնը յայտնելով Սուրբ Աթոռի տաղաւարին համակարգող ճարտարապետ Ռոպերթօ Քրէմասոլիին, գիտական եւ թեքնիքական յանձնախումբին, բարերարներուն ինչպէս նաեւ Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակին ու բոլոր լրագրողներուն, որոնք համագործակցեցան ժողովուրդին ծանօթացնելու համար Սուրբ Աթոռի այս մեծ ծրագիրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2023, 11:59