Որոնել

2023.03.03 Predica di Quaresima

«Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն». Հայր Քանթալասմեսսայի քառասնորդացի առաջին մտածականը

Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսային 2023ի Քառասնորդացի մտածականներուն համար ընտրած նիւթն է «Նորոգել Նորութիւնը» եւ իր իսկ բացառութեամբ անոնց նպատակն է «քաջալերել մենք զմեզ Սուրբ Հոգին դնելու Եկեղեցւոյ կեանքին ներքոյ, եւ մասնաւորապէս այս պահուն, Սիւնհոդոսի աշխատանքներու սրտին մէջ։ Այլ խօսքով, ընկալել հրաւէրը զոր Յարուցեալը, Յայտնութեան գիրքին մէջ (Յայտն. 2, 7). կ՛ուղղէ Փոքր Ասիայի եօթ եկեղեցիներէն իւրաքանչիւրին «Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր` Ուրբաթ 3 մարտին վերջ գտաւ Վատիկանի վերին իշխանութեան անդամներուն քառասնորդացի հոգեւոր կրթութիւնը, որ Ֆրանչիսկոս Պապին կամքով սկիզբ առած էր անցեալ երկուշաբթի օր` 27 Փետրուարին եւ որուն ընթացքին դադրած էին Սրբազան Պապին բոլոր պաշտօնական գործունէութիւնները, ներառեալ անցեալ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը։

Միշտ այսօր առաւօտեան մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը պատրաստող Մեծ Պահքին առիթով, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Քառասնորդացի մտածականներու նիստը զոր աւանդութեան համաձայն գլխաւորեց Քահանայապետական Տան քարոզիչը` Կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսսան, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Վատիկանի Վերատեսչութիւններու պատասխանատուներն ու անդամները։

Կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսսան 2023ի Քառասնորդացի իր մտածականներուն համար ընտրած է  «Նորոգել Նորութիւնը» նիւթը որ իր իսկ բացառութեամբ  նպատակ ունի` «քաջալերել մենք զմեզ Սուրբ Հոգին դնելու Եկեղեցւոյ կեանքին ներքոյ, եւ մասնաւորապէս այս պահուն, Սիւնհոդոսի աշխատանքներու սրտին մէջ։ Այլ խօսքով, ընկալել հրաւէրը զոր Յարուցեալը, Յայտնութեան գիրքին մէջ (Յայտն. 2, 7). կ՛ուղղէ Փոքր Ասիայի եօթ եկեղեցիներէն իւրաքանչիւրին «Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն»։

Եւ ճիշտ այս նիւթէն մեկնելով է` որ Հայր Քանթալամեսսան ներկայացուց 2023-ի Քառասնորդացի հինգ մտածականներէն առաջինը շեշտը դնելով յատկապէս Եկեղեցւոյ առաքելութեան վրայ ու անոր հասարակութեան մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները հաշուի առնելը ու իր ընթացքը անոնց պատշաճեցնելը, երկխօսութիւն հաստատելով այսօրուայ իրականութեան հետ։

Քալել պատմութեան մէջ մարդկութեան կողքին

Ան նկատել տուաւ, որ Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովը այս ուղղութեամբ մարգարէական ձեռնարկ մը եղաւ կորսուած ժամանակը լրացնելու համար, յառաջացնելով մեծ նորութիւններ որոնց պարունակութենէն անդին խորհելու ենք աշխատանքային մեթոտին վրայ, որ է «քալել պատմութեան մէջ մարդկութեան կողքին, ջանալով զատորոշել ժամանակներուն նշանները»։

Այս ընելու համար Եկեղեցին ունի անսխալական միջոց մը` Սուրբ Հոգին զոր Յիսուս որպէս հաւաստիք պարգեւեց իր աշակերտներուն զանոնք թողելէն առաջ. ««Ես ալ Հօրը պիտի աղաչեմ եւ ուրիշ մխիթարիչ մը պիտի տայ ձեզի, որպէս զի յաւիտեան ձեզի հետ բնակի» (Յովհ. 14, 16) ու նաեւ «Ճշմարտութեան Հոգին՝ ամէն ճշմարտութեան պիտի առաջնորդէ ձեզ» (Յովհ. 16, 13), հուսկ համբարձումէն առաջ Յիսուս դարձեալ կը վստահեցնէ աշակերտները «Բայց Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք առաքելոց 1, 8)։

Ասկէ մեկնելով Հայր Քանթալամեսսան իր այսօրուայ առաջին մտածականը կեդրոնացուց սկզբնական եկեղեցւոյ մեզի թողած դասին վրայ, թէ ինչպէս այդ ժամանակ Սուրբ Հոգին առաջնորդեց առաքեալներն ու քրիստոնէական հասարակութիւնը անոնց պատմութեան մէջ կատարած առաջին քայլերու ընթացքին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/03/2023, 09:35