Որոնել

Կլոր սեղան քահանայապետական “Auxilium” համալսարանէն ներս Կլոր սեղան քահանայապետական “Auxilium” համալսարանէն ներս 

Կարդինալ Փարոլին. «Կրթութիւնը խաղաղութեան ուժ է, պէտք է երաշխաւորել աղջիկներու կրթութիւնը»

«Կրթութիւնը ոչ միայն անհատական զարգացման կարեւոր բաղադրիչ է, այլեւ լաւագոյն ու ամենազօրեղ ձեւն է խթանելու համար անձերու եւ ազգերու միջեւ խաղաղ համակեցութիւնը»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին պատկերասփռուած պատգամով մը բացումը կատարեց«Համարձակիլ խաղաղութեան։ Կրթութեան ուղիները» վերնագիրով կլոր սեղանին՝ կազմակերպուած, կանանց միջազգային օրուան նախօրէին, “Auxilium”, քահանայապետական կաճարին կողմէ, համագործակցութեամբ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած ութը դեսպանուհիներուն։

«Կրթութիւնը ոչ միայն անհատական զարգացման կարեւոր բաղադրիչ է, այլեւ լաւագոյն ու ամենազօրեղ ձեւն է խթանելու համար անձերու եւ ազգերու միջեւ խաղաղ համակեցութիւնը»։ Այս եղաւ Վատիկանի Պետական քարտուղարի պատկերասփռուած պատգամին նիւթին առանցքը։

Կրթական աղէտը, ապահովել կրթութեան հասանելիութիւնը բոլորին համար

Պատգամին մէջ ծիրանաւորը նկատել տուաւ, որ գաղափարական որոշումներուն հետեւանքով բազմաթիւ մանուկները զրկուած կը մնան իրենց արժանի կրթութենէն ու յաճախ բարձր գինը վճարողները աղջիկներն են, ինչ որ ծանր հետեւանքներ կը պատճառէ համայն ընկերութեան, ըսաւ կարդինալ Փարոլին, Ան ապա յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը կանանց դերակատարութեան կարեւորութեան մասին, ընկերութեան եւ ազգերու միջեւ խաղաղութիւնը կերտելու եւ պահպանելու համար, ընդգծեց կանանց եւ աղջիկներուն կրթութեան հասանելիութեան ուժի հրամայականը։

Մեր գիրքերն ու մելանները ամեազօրաւոր զէնքերն են

Քահանայապետական Auxilium կաճարի նախագահ, տիկին Փիերա Ռուֆֆինաթթօ, իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ սոյն կլոր սեղանին հանդիպումը, « կրթութեան արժէքին մասին քննարկումի առիթ է, որպէս անհրաժեշտ միջոց ընկերութեան մէջ դրական փոփոխութեան եւ հակամարտութիւններու լուծում ինչպէս նաեւ քննարկումի առիթ է մեկուսացեալներու պաշտպանութեան մասին, փոքրամասնութիւններու մասնակցութեան մասին, սկսեալ տարբեր համաշխարհային տեսակէտներէ։

Տիկին Փիերա ապա յիշեց խաղաղութեան մրցանակով երբեք չպարգեւատրուած Փաքիստանցի Մալալա Եուսաֆզայը, որ 2014ին, 17 տարեկանին կը շեշտէր ըսելով «Առնենք մեր ձեռքերուն մէջ մեր գիրքերն ու մելանները։ Անոնք մեր զօրաւոր զէնքերն են։ Անչափահաս մը, ուսուցիչ մը, գիրք մը եւ մելան մը կրնան աշխարհը փոխել։»

Կլոր սեղամ
Կլոր սեղամ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/03/2023, 10:51