Մանուկ Յիսուս հիւանդանոցի նորանշանակ նախագահ Օնեսթի. «Ոչ միայն գործառնութիւն այլ ընտանիք»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ընկերութիւններու տնտեսութեան դասախօս եւ մինչեւ այժմ մանկական բուժարանի հաշիւներուն վերահսկիչ, տիար Օնեսթի իր նոր պաշտօնով, որ պիտի սկսի ապրիլ մէկին, ներկայանալով հիւանդանոցին բժիշկներուն, պաշտօնեաներուն նշեց որ իրեն համար բուժել մանուկները կը նշանակէ բուժել ապագան, շեշտելով որ անհատը հիւանդանոցին կեդրոնական տեղը կը գրաւէ։
Մանուկ Յիսուս հիւանդանոցի նոր նախագահ, Տիար Օնեսթի «Վատիկան Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով իր ստանձնած նոր պաշտօնին մասին նախ նշեց, որ ինք մեծ պատիւ կը զգայ Ֆրանչիսկոս Պապին
իրեն հանդէպ ունեցած վստահութեան համար ընդծելով, որ իսկական ուժը ծառայութիւն է ու հարկ է պաշտպանել ժողովուրդը, խնամք տանիլ իւրաքանչիւր անձի՝ սէրով, յատուկէն մանուկներուն, ծերերուն ու բոլոր անոնց որոնք տկար են եւ յաճախ կը գտնուին մեր սիրտերուն արուարձանին մէջ։
Տիար Օնեսթի շեշտեց, որ հիւանդանոցին մէջ ոչ միայն մանուկները կը խնամուին, այլ ամբողջ ընտանիքը, «Մեր ապագան անչափահասներն են, այսինքն բուժել մանուկները, բուժել անոնց ընտանիքները ,հետեւաբար բուժել բոլոր համակարգը յոյս ներշնչելով ու դա ինծի համար յոյժ կարեւոր է» ըսաւ Մանուկ Յիսուսի հիւանդանոցին նոր նախագահը։
Խօսելով հետապնդելիք նոր մարտահրաւէրներու մասին Տիար Օնեսթի նշեց, որ առաջին նպատակը Հռոմի մէջ հիւանդանոցի նոր կառոյցի բացումն է ու այս կապակցութեամբ կը համագործակցին տեղական իշխանութիւններուն, կառավարութեան հետ՝ հասկնալու համար, թէ ինչպէս կարելի է իրականացնել այսպիսի մեծ ծրագիր մը, որովհետեւ «Ճանիքոլօ» շրջանին մէջ գտնուող հիւանդանոցը շատ սահմանափակ տարածքներ ունի։
Մանուկ Յիսուս հիւանդանոցին երբեմնի նախագահ, Տիկին Մարիելլա Էնոք, որ այժմ կը վարէ նոր պաշտօն, որպէս Հիւանդանոցի ծրագիրներու զարգացման համար նոր խորհրդատու նշեց, որ ինք շատ լաւ կը ճանչնայ Թիցիանօ Օնեսթին, ապա յիշելով իր պաշտօնավարած նախագահութեան ութը գեղեցիկ տարիները նկատել տուաւ, որ տիար Օնեսթքին շատ լաւ հետեւած է հիւանդանոցին տնտեսական եւ կազմակերպչական բոլոր փոփոխութիւններուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ