Որոնել

Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր 

Անհատապաշտութիւնը եւ օգտապաշտութիւնը կը կեղծեն ժողովրդավարութիւնը․ Գերապայծառ Կալլակեր

Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը վարդապետական դասախօսութիւն կարդացած է՝ «Ժողովրդավարութիւնը ներկայիս միջազգային թատերաբեմին վրայ՝ ըստ Պապերու իմաստութեան» բնաբանով։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերը 27 Մարտին հանդէս եկած է «Ժողովրդավարութիւնը ներկայիս միջազգային թատերաբեմին վրայ՝ ըստ Պապերու իմաստութեան» բնաբանով վարդապետական դասախօսութեամբ՝ Քահանայապետական ​​Գրիգորեան համալսարանի Հասարակական գիտութիւններու ամպիոնի կազմակերպած «Ժողովրդավարութիւնը յանուն հասարակաց բարօրութեան. ի՞նչ աշխարհ կ’ուզենք կառուցել» գիտաժողովի ծիրէն ներս։

Կը գերակշռեն բացասական քաղաքականութիւնները

Ընդարձակ դասախօսութեան սկիզբը Գերապայծառ Կալլակերը նշած է, որ «Ժողովրդական ինքնիշխանութիւնը, բոլոր քաղաքացիներու ազատութիւնը և հաւասարութիւնը այսօր կարծես թէ կը ղեկավարեն բացասական քաղաքականութիւնները (negative politics), ուր, այլ առաջարկներու ապաօրինականացման հաշուին, առաւելագոյնս առաջ կը մղեն սեփական նպատակները՝ անկախ առաջարկներէն։ Անհատապաշտութիւնը եւ օգտապաշտութիւնը կարծես միակ պատասխանն են երջանկութեան անհրաժեշտութեան, որոնք կ’ամրապնդեն կեղծ ժողովրդավարութեան կառոյցները»:

Մարդկային շարժունակութեան ազդեցութիւնը անհատներու միջեւ կապի ամրութեան վրայ

Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը անհատներու միջեւ կապի թուլացումի մէջ մարդկային շարժունակութեան տարրը կը տեսնէ, նշելով, որ այսօրեայ դարաշրջանի արագութեան մէջ փոփոխութիւնները կորսնցուցած են իրական ուղղուածութիւնը։ Մինչդեռ ժողովրդավարական գործընթացները ժամանակի պէտք ունին՝ երաշխաւորելու համար բոլորի փաստարկներու ներկայացումը եւ քննարկումը։ Հետեւանքը, ըստ Կալլակերի, այն է, որ. «Ժամանակակից քաղաքականութեան մէջ ոչ թէ լաւագոյն փաստարկի, այլեւ քինախնդրութեան, բնազդային զգացմունքներու, փոխաբերական և տպաւորիչ պատկերներու ուժը կ’որոշէ ապագայ քաղաքականութիւնը»։

Գերապայծառը ի յայտ կը դնէ «քաղաքականութեան մէջ գեղագիտական ​​շրջադարձը. քաղաքական գործիչները և խումբերը ընտրութիւնները կը յաղթեն, քանի որ «cool» են, այլ ոչ թէ այն պատճառաւ, որ գաղափարներ ու ծրագիրներ ունին։ Այս համատեքստին մէջ ան նշած է նաեւ, որ քաղաքականութիւնը ի վիճակի չէ տնտեսական կարիքներէն անդին նայելու, անգամ «սոցիալ-տնտեսական մրցակցութեան զոհասեղանին դնելով բոլոր քաղաքական և անհատական ​​ուժանիւթերը»։

Պապերու իմաստութիւնը

Գերապայծառ Կալլակերը, յետադարձ հայեացք նետելով Պապերու անցած ճանապարհին, նշած է ի մասնաւորի, որ Պիոս ԺԲի հետ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնն այլեւս լիովին իւրացրած է ժողովրդավարութիւնը եւ շարունակած, թէ այդ ուղիով կը շարժին նաեւ յետագայ ընկերային կոնդակները եւ Քահանայապետերը՝ Յովհաննէս ԺԳ, Յովհաննէս Պօղոս Բ, Ֆրանչիսկոս Պապերը։

Մասնաւորապէս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կ’առաջարկէ ժողովրդավարութիւնը կառուցել էական, մասնակցային և հասարակական ձեւով՝ պնդելով չբաւարարուիլ «ցած սաստկութեան ժողովրդավարութեամբ»։

Ժողովրդավարութեան երեք հիմքերը․ տեսական հիմք, հասարակական կառուցուածք, իրաւական կառոյց

«Ժողովրդավարութիւնը չբացառեր քաղաքական, տնտեսական, սոցիալական, կրօնական, գաղափարական հակադրութիւնները, ընդհակառակը, կը ծաղկէ զանոնք», բացատրած է Կալլակերը, փաստելով, որ ժողովրդավարութիւնը չէ կարող ըլլալ ազգի մը մէջ, եթէ միաւորուած չէ ընդհանուր արժէքներով:

Ան նկատել տուած է նաեւ, որ ժողովրդավարութիւնը ունի երեք տարրեր, որոնք պէտք է փոխազդեն, հակառակ պարագային համակարգը կը փլուզուի, որոնք են՝ տեսական հիմք, հասարակական կառուցուածք, իրաւական կառոյց։ «Պետութիւնն այս ամբողջ հասարակութեան իրաւական կառոյցն է, բայց այն չիւրացներ. միայն կ’ուղղորդէ, կը համակարգէ, կ’ընդելուզէ եւ անհրաժեշտութեան պարագային կը փոխարինէ», յարած է Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերը։

Ան եզրափակած է անդրադառնալով «Լաւ Կառավարման Այլաբանութեանը», եւ նշած է այն առաքինութիւնները, որմէ պէտք է մշտապէս ոգեշնչուիլ՝ խաղաղութիւն, տոկունութիւն, խոհեմութիւն, մեծահոգութիւն, ժուժկալութիւն՝ ուղեկցուած աստուածաբանական առաքինութիւններով: Այս ամէնը լաւ ամփոփուած է Ֆրանչիսկոս Պապի դիւանագիտական​​անձնակազմին ուղղած ելոյթին մէջ (2023 թուականի յունուար). «Ճշմարտութեան մէջ խաղաղութիւն կառուցելը ամէնէ առաջ կը նշանակէ յարգել մարդկային անձը»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/03/2023, 12:16