Աշխարհի մէջ կաթողիկէներու թիւը կը շարունակէ աճիլ. 2021ին կը հաշուեն 1 միլիառ 378 միլիոն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հրապարակուեցաւ քահանայապետական 2023 տարուան տարեգիրքը, խմբագրուած եկեղեցւոյ կեդրոնական վիճակագրական գրասենեակի կողմէ։
Համաշխարհային գետնի վրայ 2023 տարեգիրքին տուեալներու համաձայն մկրտուած կաթողիկէներուն թիւը 2020 թուականին, 1360 միլիոնէն հասաւ 1378 միլիոն՝ 2021 թուականին, 1,3%. յարաբերական փոփոխութեամբ։
Ցամաքամասային մակարդակի վրայ, Ափրիկէի մէջ կաթողիկէներու թիւը աճած է 3,1% , Ասիոյ մէջ 0,99%, Ամերիկայի մէջ 1,01% , մինչ Եւրոպայի մէջ անփոփոխ։ 2021 թուականին, կաթողիկէները կը կազմեն 17,67% աշխարհի բնակչութեան։
Կղերականներու թիւը
2021 թուականին, աշխարհի մէջ կը հաշուեն 462.388 կղերականներ, որոնց շարքին 5.340 եպիսկոպոսներ, 407.872 քահանաներ, 49.176 մնայուն սարկաւագներ։ 2020 տարուան համեմատութեամբ կղերականներու թիւը նուազած է 0,39%։
Ինչ կը վերաբերի, հովուական ծառայութեամբ զբաղող աշխարական գործիչներուն անոնց թիւը բաղդատելով 2020ին հետ, նուազած է -1,6%։ 2021 թուականին, հովուական ծառայութեան գործունէութենէ ներս աշխարական գործիչներուն թիւը կը հաշուեն 49.774։ Կտրուկ նուազում արձանագրուած է Եւրոպային մէջ (-4,1%), Ամերիկայի մէջ (-3,6%) Ովկիանոսի (-10,3%), մինչ Ափրիկէի մէջ աճած (+2,2%),
Կրօնաւորուհիներու թիւը
Ինչ կը վերաբերի կրօնաւորուհիներուն, մայրապետներուն, աշխարհի մէջ 2021 թուականին կրօնաւորուհիներու թիւը կը հաշուէ 608.958, որոնց 33% կը գտնուին Եւրոպայի մէջ, իսկ Ասիոյ մէջ 175.494 , Ամերիկիոյ մէջ 145.2061։
2021 թուականի բաղդատմամբ աշխարհի մէջ կրօնաւորուհիներուն թիւը նուազած է 1,7%, կտրուկ նուազում արձանագրուելով Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ Ովկիանոսի մէջ։
Նորընծաներու թիւը աշխարհի մէջ
Աշխարհի մէջ կը հաշուեն 109.895 նորընծաներ՝ 61% թեմական նորընծաները, 39% կրօնաւորները։ 2020 թուականին համեմատ գրանցուած է 1,8%. նուազում։ Եւրոպայի եւ Ասիոյ մէջ երկու տարուան ընթացքին նորընծաներու թիւը նուազած i 5,8% ։ Նաեւ ներկայ քահանաներուն թիւին հետ կապուած կոչումներու թիւը նուազած է ։
2020 թուականին, աշխարհի մէջ կոչումներու թիւը հաւասար էր 27,27-ի ՝ 100 քահաններու համար, մինչ 2021 թուականին նուազած է հասնելով 26,94։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ