Որոնել

Գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճերոթթիի այցը երկրաշարժէն տուժած Սուրիա և Թուրքիա Գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճերոթթիի այցը երկրաշարժէն տուժած Սուրիա և Թուրքիա  

Վերջ գտաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչի այցը երկրաշարժէն տուժած Սուրիա և Թուրքիա

Գերապայծառ Կուճերոթթիի Սուրիա և Թուրքիա այցի աւարտի առիթով հրապարակուեցաւ Մամլոյ հաղորդագրութիւն
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Այսօր՝ 23 Փետրուարին հրապարակուեցաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Մամլոյ հաղորդագրութիւնը՝ Վերատեսուչ Գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճերոթթիի՝ երկրաշարժէն տուժած Սիրիա և Թուրքիա Փետրուար 17էն 21-ը այցի առիթով։

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Հալէպի մէջ անցուցած երկու օրերու ընթացքին՝ 18 եւ 19 Փետրուարին, Գերապայծառը հանդիպած է բազմաթիւ ընտանիքներու, որոնք ժամանակաւոր ապաստան գտած են քրիստոնէական եւ մահմետական կրօնական համայնքներու կողմէ կառավարուող տարածքներէն ներս, անոնց տանելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մօտիկութիւնը եւ գուրգուրանքը։ Յուզիչ պահերը շատ եղած են, ինչպէս օրինակ փլատակներու տակ ծննդաբերած երկու մայրերուն հետ։ Շատ ծանր ու ողբերգական է միայնակ մնացած տարեցներու վիճակը։

Առանձնայատուկ ուշադրութիւն Սուրիոյ եպիսկոպոսներուն 

Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը առանձնայատուկ ուշադրութիւն և ժամանակ յատկացուցած է Սուրիոյ եպիսկոպոսներուն եւ բարեգործական կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն, որոնք քայլեր ձեռնարկած են արտակարգ իրավիճակը դիմագրաւելու ուղղութեամբ և վերջիններուս հետ հանդիպումի ընթացքին ծանօթացած է իրականացուած միջամտութիւններուն և տեղական քրիստոնէական կաթողիկէ և ոչ կաթողիկէ համայնքներու հրատապ կարիքներուն։

Կրթել երիտասարդները

Արտակարգ իրավիճակներուն արձագանքելու հետ զուգահեռ՝ Վերատեսուչը մեծապէս շեշտած է ապագային պատրաստուելու կարևորութիւնը՝ յօգուտ Սուրիոյ ողջ բնակչութեան․ երիտասարդները կրթելով և ուղեկցելով, կտրուկ գործազրկութեան հետևանքով քայքայուած և աղքատութեան մէջ յայտնուած բնակիչները ներգրաւելով փոքր ծրագիրներու մէջ՝ անոնց աշխատանք և արժանապատիւ կեանք ապահովելու համար, ինչը թոյլ կու տայ խուսափիլ արտագաղթէն, ինչպէս նաեւ համակարգելով հիւանդանոցային կամ բուժարանի մակարդակով առողջապահական խնամքը ամենաաղքատներուն օգնութեան հասնելու համար։

Համակարգուած աշխատանք

Նման նպատակի համար Եկեղեցիները բարեգործական հիմնարկներու (ինչպէս օրինակ ROACO, Քարիթաս և այլք) աջակցութեան կարիքը ունին, և պէտք է պարտաւորուին երաշխաւորել համակարգուած աշխատանքը՝ կարիքները բացայայտելու, ծրագիրները մշակելու և բարերարներուն պատշաճ կերպով հաշուետու ըլլալու համար:

Այդ նպատակով Գերապայծառ Կուճերոթթին մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ հանդիպած է Յոյն Կաթողիկէ Մելքիթ եկեղեցւոյ պատրիարք Եուսէֆ Ապսիին, ինչպէս նաև քաղաքի այլ առաջնորդներուն և Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ և Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պատուիրակներուն հետ։

«Վերատեսուչի՝ Սուրիա գտնուելու ատեն իսրայէլական հրթիռը նոր զոհեր պատճառած է», կը շարունակենք կարդալ Մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ։

Ստամբուլի փուլը

20 Փետրուարի երեկոյեան Գերապայծառ Կուճերոթթին հասած է Ստամբուլ, ուր 21ի առաւօտեան «Casa Roncalli»ի մէջ հանդիպած է Թուրքիոյ Եպիսկոպոսաց ժողովի անդամներուն, Քարիթասի շրջանային պատուիրակներուն և Caritas Internationalis-ի ներկայացուցիչին։ Հանդիպումին մասնակցած է նաև Թուրքիոյ մէջ Քահանայապետական նուիրակը։ Քննարկուած նիւթը գերազանցապէս Անատոլիայի թեմին կը վերաբերէր, որուն տարածքը ամէնէ շատ տուժած էր երկրաշարժէն և ուր դեռ կը շարունակուին ցնցումները։

Թուրքիոյ երկրաշարժէն տուժած տարածքներու մէջ ևս Քրիստոնէական համայնքները քայլեր ձեռնարկած են երաշխաւորելու հնարաւոր աջակցութիւնը։ Ներկայիս, օգնութեան գործողութիւնները մշտապէս կը վերահսկուին քաղաքացիական իշխանութիւններու կողմէ՝ արտակարգ դրութեան մասին ընդունուած օրէնսդրութեանը համապատասխան, ուստի Թեմը կոչ կ’ընէ բոլոր անոնց, որոնք կը ցանկանան օգնել կապ հաստատել Եպիսկոպոսաց ժողովի և Թուրքիոյ Քարիթասի պատուիրակներու հետ՝ առատաձեռն, բայց հապճեպ գործելու ցանկութիւնը կանխելու և այդպիսով բռնագրաւումներու կամ արգելափակումներու վտանգէն խուսափելու նպատակով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/02/2023, 12:58