Քահանայապետական անուանում. Արեւելեան եկեղեցիներու վերատեսչութեան նոր քարտուղար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 15 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Արեւելեան Եկեղեցիներու վերատեսչութեան քարտուղար անուանեց Լիբանանի մէջ Անտոնեան համալսարանի տեսուչ` Հայր Միշէլ Ժալախը։
Հայր Միշէ Ժալախ ծնած է Լիբանանի Պաուշրիէ շրջանին մէջ՝ 27 օգոստոս 1966ին։ Ան 15 օգոստոս 1983ին, կատարած է իր կրօնաւորական առաջին ուխտերը Մարոնիներու Անտոնեան միաբանութեան մէջ, ապա 21 ապրիլ 1991ին, ձեռնադրուած է քահանայ։
2000-ի դեկտեմբեր ամիսէն սկսեալ մինչեւ 2008ին յուլիս ամիսը ծառայած է Արեւելեան Եկեղեցիներուն ժողովի քարտուղարութեան բաժանմունքին մէջ։
2008ին, Հռոմի քահանայապետական Արեւելեան համալսարանի մէջ ստացած է եկեղեցաբանութեան տոքթորի կոչում։
2013-էն մինչեւ 2018 տարիներուն նշանակուած է Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար ինչպէս նաեւ Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներուն եւ եպիսկոպոսներու ժողովի համամիութենական յարաբերութիւններուն յանձնաժողովին անդամ։
Հայր Միշէլ Ժալախ դասաւանդած է Լիբանանի Մարոնիներու Անտոնեան համալսարանին մէջ, 2017ին դառնալով միւենոյն համալսարանի ընդհանուր տեսուչը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ