Նարեկացիէն սորվինք մեր սխալներուն պատասխանատուութիւնը վերցնել մեր վրայ. Գերապայծառ Կուճերոթթի
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Երբ Աստուածաբաններուն ներկայացուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Եկեղեցւոյ Տիեզերական Վարդապետ հռչակելու գործընթացը անոնք չէին սպասէր այսպիսի սուրբ մը` Ողբերգութեան սուրբ մը, ներում հայցելու սուրբը, սուրբը` որ բարեխօսը կը դառնայ մարդկութեան….եւ այդ կ՛ընէ հայկական լեզուաբանութեան մէջ ներմուծելով նոր բառեր ու այս մէկը կը հրապուրէ Աստուածաբանները, որոնք հրաւիրուած էին քննարկելու եւ քուէարկելու անոր Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումին համար»։ Խօսքերն ասոնք, զոր արտասանեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը` Արհ. Գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճերոթթին, երկուշաբթի 27 Փետրուար 2023ին յետմիջօրէին, Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի «Coro dei Canonici» մատրան մէջ գլխաւորած Սուրբ Պատարագի ընթացքին նուիրուած` Լատինաց մօտ յիշատակուող Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ` Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի ծիսական տօնին։
Մասնակցողներու շարքին է Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց հայրապետը
Անոր հետ համապատարագեցին Ամենապատիւ եւ Գերերջ. Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, Արհ. Վարդան Եպիսկոպոս Պօղոսեան` Լատին Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէներու երբեմնի առաջնորդ, Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէներու Առաքելական Պատուիրակ` Գերյ. Միքայէլ Պասսալէ, ի ներկայութեան հայ եւ օտար կղերական դասին, Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերուն, դիւանագիտական մարմնի անդամներուն, որոնց շարքին Իտալիոյ Հանրապետութեան մօտ ՀՀ դեսպան` Տիկ. Ծովինար Համբարձումեան եւ Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպան Տիար Կարեն Նազարեան, որուն նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր արարողութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ աշխտանքային այցով Իտալիա գտնուող Հ.Հ. Սրտագին Գործերու փոխ նախարար` Տիար Պարոյր Յովհաննիսեանը, Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանգաիտական մարմնի ներկայացուցիչներն ու հռոմաբնակ հայ հաւատացեալները։
Նարեկացիի հոգեւոր հնարամիտ տեսողութիւնը
«Այսօր մենք ունինք երկու մարտահրաւէրներ, որոնք կը թուան անյաղթելի` «ահռելի անհատականութիւն», որուն պարագային միւսին նկատմամբ հոգատարութիւնը գործնականին մէջ մոռցուած է, և «կատաղի յարձակում» ըսաւ Գերապայծառ Կուճերոթթին ընդգծելով, որ «մեր արդեն փորձուած նեարդները կը պայթին անհվերահսկելի հակազդեցութեամբ», որ «յաճախ կը յառաջացնեն մահ, վէրքեր, դժբախտութիւններ եւ յուսահատութիւն»։
«Սուրբ Գրիգորը կը նկատուի ան, որ ինքնատիպ կերպով դիմագրաւեց այս հարցերը «հոգեւոր հնարամիտ տեսողութեամբ» այն չափով, որ ան շարունակական կերպով կրկնեց, թէ իր վրայ կ՛ուզէր վերցնել բոլորին մեղքերը, այնպէս ինչպէս ըրաւ Յիսուսը», ըսաւ Կուճերոթթին կարդալով Նարեկացիէն քաղուած աղօթք մը, ուր հայոց մեծ Սուրբը «Մատեան Ողբերգութեան» մէջ կը հաստատէ, թէ ինք մեղաւոր է եւ ասոր համար իր վրայ կը վերցնէ համայն աշխարհին մեղքերը ու զանոնք կը ներկայացնէ Տիրոջ, որպէսզի Ան ողորմի բոլորին վրայ։
Աղօթամատոյցը
«Այս խօսքերը արտակարգ ուժով խօսքեր են», հաստատեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը նկատել տալով, որ «հազուագիւտ է քրիստոնէական պատմութեան մէջ գտնել այսպիսի վերաբերմունք մը»։
Սուրբ Գրիգորը ճանչցուած է, որպէս համայն մարդկութեան «աղօթքի սկաւառակ», որովհետեւ Ան խորապէս զօրակից է համայն մարդկութեան հետ։ Ան իր վրայ կը կրէ բոլորին ողբերգութիւնը։ Եւ ասոր համար է, որ Հայ ազգը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին հետեւեցաւ, որպէս իր ինքնութեան լաւագոյն արտայայտութիւնը, որովհետեւ Անոր աղաղակը աղաղակն է բազմաթիւ ողբերգութիւններուն, բազմաթիւ հալածանքներուն։ Անոր աղաղակը ներկայացուած է որպէս բանաստեղծութիւն, որ «Աստուծոյ ձեռքերէն կը խլէ ժողովուրդին փրկութիւնը»։
Յանցանքներուն բեռը վերցնել
Նարեկ զօրակից ըլլալով համայն մարդկութեան հետ իր վրայ կը վերցնէ մարդկութեան ողբերգութիւնը եւ ահա այս է քրիստոնէական վերաբերմունքը` որ պիտի կարողանայ պատասխան տալ «կատաղի անհատականութեան» եւ ասկէ մեկնելով Ան հաստատեց, թէ «այլեւս կարող չենք մեր յանցանքներուն բեռը մեր վրայ վերցնել, կարող չենք յանձն առնել մեր պատասխանատուութիւնը», եւ «մենք մեզ կը պաշտպանենք ըսելով, որ անմեղներ ենք»։
«Այսպիսի յուսահատ մարդկութեան մը դիմաց, ու՞ր է զօրակցութիւնը, ու՞ր է միասնական մարդկայնութեան որոնումը, կարող չենք զայն գտնել, մենք դարձած ենք թշնամի, յարձակող եւ յարձակման ենթակայ, մինչ Նարեկացին մեզի կ՛ըսէ, «զիս հարուածեցէք եւ միւսները ազատ թողուցէք»։ Ահա այս պիտի ըլլայ մարդկութեան փրկութիւնը» հաստատեց Գերապայծառ Կուճերոթթին յոյս յայտնելով, որ շատ հոգևորական մարդիկ և աստուածաբաններ ոգեշնչուին Անորմէ՝ հասկանալու, որ «կա՛մ միասին կը տառապինք, կա՛մ միասին համերաշխ ենք, կա՛մ կը կորսնցնենք այս աշխարհը»:
«Կամ բոլորս միասին կը փրկուինք կամ բոլորս ալ կորսուած ենք»
Նարեկը Տիրոջ կը վստահի Անորմէ խնդրելով, որ Ան ունկնդրէ ի նպաստ թշնամիներուն կատարած աղօթքները, «որովհետեւ դուն աղօթեցիր թշնամիներուդ համար եւ եթէ ես ալ նոյնը կատարեմ կը դառնամ քեզի նման»։
«Ասիկա մռայլ հոգեւորութիւն մը չէ, որ կը ծառայէ ժողովուրդները մխիթարելու, այլ մարդկութեան պատկանելու ուժ մըն է, որ մեզ կը մղէ ըսելու. «Կամ բոլորս միասին կը փրկուինք կամ բոլորս ալ կորսուած ենք» հաստատեց Գերապայծառ Կուճերոթթին, հրաւիրելով դիմելու Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին, որպէսզի Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ Տիրոջմէ ընդունի մարդկութեան նկատմամբ զօրակցութեան իմաստը։ «Այս է ապրուած Աւետարանը մնացածը տիեզերական եսասիրութիւն է, որ հակառակ է Աստուծոյ սիրոյն, որ մեռաւ Խաչին վրայ ինք որ ստեղծած է աշխարհը»:
Դեսպան Նազարեանի ելոյթը
Յայտնենք, թէ արարողութեան սկիզբը ՀՀ դեսպան Կարեն Նազարեանը ելոյթ ունենալով անդրադարձաւ Նարեկացիի հոգևոր-գրական ժառանգութեան, մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը, որով Ան Նարեկացին բնութագրած էր «Խաղաղութեան Վարդապետ» եւ ասկէ մեկնելով նշեց, թէ «Անոր ոգեկոչումի այս օրը առիթ է ազգային ու համընդհանուր մակարդակներու վրայ վերահաստատելու համար խաղաղութեան ու համերաշխութեան քաղաքակրթութիւն կերտելու յանձնառութիւնը», աւելցնելով նաեւ որ, «հայ ժողովուրդը իր հազարամեայ պատմութեան ընթացքին երբեք չէ նահանջած հարևաններու կողմէն պարտադրուած պատերազմներու, յարձակումներու, էթնիկ զտման քաղաքականութեան, ցեղասպանութեան, ջարդերու և այլ զրկանքներու առջև, ու կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ խաղաղութեան ու քրիստոնէական համամարդկային իտէալներուն»։
Արարողութիւնէն առաջ նախարարի տեղակալ` Պարոյր Յովհաննիսեանը Վատիկանի այգիներուն մէջ գտնուող Նարեկացիի արձանին առջեւ դեսպան Կարեն Նազարեանի հետ միասին զետեղեցին ծաղկեպսակ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ