Որոնել

Սուրբ Պատարագ նուիրուած Ուքրանիոյ Սուրբ Պատարագ նուիրուած Ուքրանիոյ 

Գերապայծառ Կալլակեր. «Ուքրանիոյ մէջ մէկ տարի պատերազմը սարսափելի է, բայց Աստուած միշտ մեր հետն է»։

Ուքրանիոյ դէմ սանձազերծուած պատերազմի առաջին տարեդարձին առիթով Հռոմի Սան Ատրէա տէլլա Վալլէ տաճարին մէջ սուրբ պատարագ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուքրանիոյ դէմ սանձազերծուած պատերազմի առաջին տարեդարձին առիթով, Հռոմի Սան Ատրէա տէլլա Վալլէ տաճարին մէջ սուրբ Պատարագ մատուցեց Սուրբ Աթոռի այլ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար, Գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլակեր, որուն հետ համապատարագեց Իտալիոյ մէջ հաստատուած կաթողիկէ Ուքրանացիներու առաքեալական էքզարք, գերապայծառ Տիոնիզիօ Լաչովիզ։

Նայիլ պատերազմին Աստուծոյ խօսքին լոյսի տակ

Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ գերապայծառ Կալլակեր նշելով, որ Ուքրանիոյ դէմ սանձազերծուած պատերազմի առաջին տարեդարձը տխուր ձեռնարկ մըն է հրաւիրեց նայելու պատերազմէն անդին, նայելու ոչ թէ մտահոգիչ լուրերուն, որ կը յառաջանան ճակատամարտէն, այլ մտածել Աստուծոյ խօսքի մասին, որ միշտ այժմէական է ու կը լուսաւորէ եւ ցոյց կու տայ ուղին՝ կեանքի բոլոր իրավիճակներու մէջ ընդգծելով, որ բոլորին հիմնական կոչումը Տիրոջ ծառայելն է, այսինքն յարաբերութեան մէջ մտնել Աստուծոյ հետ։

Ան որ Աստուծոյ կը ծառայէ կը պատրաստուի փորձութեան, որ Տէրը չպատճառեց

Գերապայծառ կալլակեր նշեց, որ Աստուած թոյլ կու տայ փորձութեան, ոչ թէ մեզ ոչնչացնելու համար, այլ մեզ աւելի քաջ դարձնելու համար, ոչ թէ մեզ լքելու համար այլ սերտօրէն մեզ իրեն միացնելու համար։ Հետեւաբար ըսաւ Գերապայծառ Կալլակեր փորձութեան մէջ պէտք չէ բաժնուիլ Աստուծմէ, պէտք չէ վախնալ ու յուսալքուիլ, այլ պէտք է որոնել արդարութիւնը վստահելով տիրոջ։ բարի գործ կատարելով։

Սուրբ Պատարագ նուիրուած Ուքրանիոյ
Սուրբ Պատարագ նուիրուած Ուքրանիոյ

Չկայ կորուած կաթիլ մը արցունք կամ արիւն

Սուրբ Աթոռի այլ պետութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար, գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ կալլակեր ի վերջոյ քարոզի աւարտին ընդգծեց, որ Աստուծոյ խօսքը նախ եւ առաջ մեզ կը յիշեցնէ, թէ մեր ազատութիւնը մեծ պարգեւ մըն է ստացուած ոչ թէ ոեւէ մարդէ մը կամ օրէնքէ մը, այլ նոյնինքն Աստուծոյ կողմէ, որ առաջինն է որ կը յարգէ այդ։

Գերապայծառ Կալլակեր հրաւիրեց մշակել այդ թանկարժէք պարգեւը եւ պաշտպանել զայն, ոչ միայն արտաքինէն այլ ներքինէն հետեւելով բարիին եւ սիրտը պահելով ամէն չարիքէն, նկատի ունենալով որ բարիք կատարելով զերծ չենք մնար չարէն, տառապանքէն, փորձութիւնէն, այլ կայ այն վստահութիւնը, որ Աստուած միշտ մեր հետն է ու չկայ կորսուած կաթիլ մը արիւն ու արցունք։

Գերապայծառ Կալլակեր քարոզը աւարտեց խնդրելով աղօթել Աստուծոյ՝ սիրտերու ապաշխարութեան համար, որպէսզի աշխարհը վերադառնայ քալել խաղաղութեան ուղիներու վրայ ինչպէս նաեւ սիրելի Ուքրանիան ու անոր ժողովուրդը յանձնել Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութեան։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/02/2023, 10:19