Որոնել

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի 

Նարեկացիի տօնը Վատիկանի մէջ` նախագահութեամբ Գերապայծառ Կուճերոթթիի

Լատին Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ Նարեկացիի յիշատակութեան ներմուծումը հաստատուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին կամքով` 2021 թուականի փետրուարի 2ին, Աստուածային Պաշտամունքի եւ Խորհուրդներու  մատակարարման ժողովի հրապարակած հրամանագիրով, ըստ որուն, Նորին Սրբութիւնը հրահանգած է, որ վերջին տարիներուն «Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վարդապետի» տիտղոսի արժանացող երեք սուրբեր, Ավիլայի Սուրբ Յովհաննէսը, Պինկէնի Սրբուհի Իլտեկարտը եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին արձանագրուին Լատին Եկեղեցւոյ ծիսական օրացոյցին մէջ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ` երկուշաբթի 27 Փետրուարին կէսօրէն ետքը ժամը 4ին, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի «Coro dei Canonici» մատրան մէջ տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Պատարագ նուիրուած` Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ` Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի ծիսական տօնին։

Արարողութիւնը կը գլխաւորէ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը Գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճերոթթին, ի ներկայութեան Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, եւ Հ.Հ. Սրտագին Գործերու փոխ նախարար` Տիար Պարոյր Յովհաննիսեանի։

Լատին Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ Նարեկացիի յիշատակութեան ներմուծումը հաստատուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին կամքով` 2021 թուականի փետրուարի 2ին, Աստուածային Պաշտամունքի եւ Խորհուրդներու  մատակարարման ժողովի հրապարակած հրամանագիրով, ըստ որուն, Նորին Սրբութիւնը հրահանգած է, որ վերջին տարիներուն «Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վարդապետի» տիտղոսի արժանացող երեք սուրբեր, Ավիլայի Սուրբ Յովհաննէսը, Պինկէնի Սրբուհի Իլտեկարտը եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին արձանագրուին Լատին Եկեղեցւոյ ծիսական օրացոյցին մէջ։

Իսկ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին «Եկեղեցւոյ Վարդապետ» պաշտօնական հռչակումը տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթով 12 ապրիլ 2015-ին «Սուրբ Պետրոս» տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին մատուցած պատմական սուրբ պատարագին ընթացքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/02/2023, 13:08