Պենետիկտոս ԺԶ մարմինը Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ։ Հաւատացեալներուն հոյլը` վերջին հրաժեշտին համար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր` Երկուշաբթի 2 Յունուար 2023-ի առաւօտեան կանուխ` ժամը եօթէն սկսեալ, վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ-ին մարմինը` Վատիկանի «Mater Ecclesiae» վանքէն փոխադրուեցաւ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքա, ուր Սուրբ Պետրոս Տաճարի Աւագերէց Կարդինալ Մաուրօ Կամպեթիի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն մը, որմէ ետք Սուրբ Պետրոս տաճարին դռները բացուեցան հաւատացեալներուն առջեւ, որոնք առաւօտ կանուխէն, մեծ թիւով, շարք բռնած էին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ վերջին հրաժեշտ տալու խոնարհ ու հեզ բայց նաեւ հսկայ Քահանայապետին, որ Սուրբ Պետրոսի յաջորդ ընտրուած էր 19 ապրիլ 2005ին, յաջորդելով այլ մէկ մեծ Քահանայապետ եւ Սուրբ` Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին, որուն ամենամօտ համագործակիցներէն մին եղած էր։
Ննջեցեալ Քահանայապետին դիակին վրայ կը հսկեն Զուիցերական պահակագունդի երկու զինուորներ։
Սււրբ Պետրոս Պազիլիքային դռները բաց կը մնան երեք օր
Սուրբ Պետրոս Պազիլիքան բաց պիտի մնայ հաւատացեալներուն առջեւ առաւօտեան 9 մինչեւ երեկոյեան ժամը եօթը, իսկ երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի օրերը դռները բաց կը մնան առաւօտեան եօթէն մինչեւ երեկոյեան ժամը եօթը։ Այս օրերուն նախատեսուած են առօրեայ 30 – 35 հազարի մօտ այցելուներ։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը 5 Յունուարին
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, ինչպէս արդէն յայտարարուեցաւ, տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի 5 Յունուարին, որուն համար նախատեսուած են 50 – 60 հազար հաւատացեալներու ներկայութիւնը, բացի քաղաքական ու եկեղեցական պաշտօնական պատուիրակութիւններէն։
Արարողութիւնը պիտի նախագահէ Ֆրանչիսկոս Պապը, հանդիսանալով պատմութեան մէջ առաջին Պապը, որ թաղման կարգը կը կատարէ իր մէկ նախորդին եւ այս մէկը կարելի է նկատել պատմական պահ մը։
Աշխարհին յուզմունքն ու ցաւակցութիւնները
Յայտնենք թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին յարգանքի տուրք մատուցողներէն առաջիններէն եղան Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահը` Սերճօ Մաթթարելլան եւ Իտալիոյ Վարչապետ Ճորճա Մելոնին։
Վաստակաւոր Քահանայապետին մահուան ի լուր, շաբաթ 31 դեկտեմբեր 2022ի առաւօտեան ժամը 9,34ին, բազմաթիւ եղան աշխարհի տարբեր վայրերէն վատիկան ուղղուած ցաւակցական գիրերը, սկսեալ տարբեր Երկիրներու նախագահներէն, Վարչապետներէն, քաղաքական գործիչներէն, եկեղեցական անձնաւորութիւններէն մինչեւ նաեւ ամենապարզ ու հասարակ մարդիկը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ