Որոնել

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը. Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը. 

2023-ի Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը. «Բարիք ըրէք, արդարութիւնը փնտռեցէք»

Քրիստոնեաներու աղօթքի շաբթուան ընթացքին Սրբազան Պապը` 18 Յունուարին կը գլխաւորէ չորեքշաբթի օրուայ ունկնդրութիւնը, մինչ կիրակի` 22 Յունուարի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ կը մատուցէ Սուրբ Պատարագ` նուիրուած Աստուծոյ Խօսքի կիրակիին, ապա 25 Յունուարին` Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնին օրը, աւանդութեան համաձայն, Նորին Սրբութիւնը Հռոմի Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքային մէջ, երեկոյեան 5,30ին կը գլխաւորէ ժամասացութեան արարողութիւնը, փակումը կատարելով Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Չորեքշաբթի 18 Յունուարին բացումը կը կատարուի 2023 տարուայ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան, որուն այս տարուայ բնաբանը քաղուած է Եսայի Մարգարէի գիրքէն (Գլ. 1, 17) «Սորվեցէք բարիք ընել, փնտռեցէք արդարութիւնը», եւ որուն խորհրդածութիւններու ուղեցոյցը պատրաստած են Միացեալ Նահանգներու Միննեսոթայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի անդամները։

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը կ՛երկարի մինչեւ 25 Յունուար։ Այս երկու թուականները 18ն ու 25 Յունուարը յիշատակի օրեր են` առաջինը Սուրբ Պետրոսի գահին իսկ երկրորդը Սուրբ Պօղոսի դարձին։ Թուականներու ընտրութիւնը առաջարկուած է վերապատուելի Փոլ Վաթսոնի կողմէ՝ 1908 թուականին։

Արդարեւ Քրիստոնեաներու միութեան համար մէկ շաբաթ տեւողութեամբ աղօթքներ կատարելու սովորութեան ծագումը վերագրուած է բողոքական եւ անկլիքան եկեղեցիներու պատկան երկու կղերականներու` անգլիացի Սփենսէր Ժոնս եւ Ամերիկացի Փոլ Ժէյմս Ֆրանսիս Վաթսոն, որոնք 1907-ին սկիզբ տուած են այս աւանդութեան, որ աւելի ուշ որդեգրուեցաւ նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ եւ 1948-ին` «Եկեղեցիներու միութենական խորհուրդի» ստեղծումէն ետքը դարձաւ համամիութենական աղօթքի շաբաթ, որուն ընթացքին համայն քրիստոնեաները կ՛աղօթեն եկեղեցիներու միութեան ու անոնց դէպի Քրիստոս դարձին համար։

Քրիստոնեաներու աղօթքի շաբթուան ընթացքին Սրբազան Պապը` 18 Յունուարին կը գլխաւորէ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, մինչ կիրակի` 22 Յունուարի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ կը մատուցէ Սուրբ Պատարագ` նուիրուած Աստուծոյ Խօսքի կիրակիին, ապա 25 Յունուարին` Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնին օրը, աւանդութեան համաձայն, Նորին Սրբութիւնը Հռոմի Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքային մէջ, երեկոյեան 5,30ին կը գլխաւորէ ժամասացութեան արարողութիւնը, փակումը կատարելով Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբթուան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2023, 13:39