Պենետիկտոս ԺԶ Պապին վերջին խօսքերը. «Տէր կը սիրեմ քեզ»
Վատիկան Նիուզ - Հայկական բաժանմունք
Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին վերջին խօսքերուն վկան եղաւ այդ գիշեր իրեն խնամք տանող հիւանդապահ մը։ 31 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը երեքին, Ռացինկեր Քահանայապետին մահէն մի քանի ժամեր առաջ, երբ տակաւին հոգեվարքի մէջ չէր, անոր մօտ կը գտնուէր միայն հիւանդապահ մը, որ խնամք կը տանէր անոր եւ լսեց Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի բեռնեն մեղմ բայց յստակ ձայնով իտալերէն լեզուով արտասանուած «Տէր կը սիրեմ քեզ» բառերը։ Այս դէպքին մանրամասնութիւնները փոխանցեց վաստակաւոր Քահանայապետին անձնական քարտուղար` Գերապայծառ Կէորկ Կէյնզուէյնը, որ այդ պահուն վաստակաւոր Քահանայապետին մօտը չէր գտնուէր, բայց «հիւանդապահը ինծի պատմեց այս մանրամասնութիւնը» ըսաւ Ան, նշելով` որ անոնք եղան Պենետիկտոս ԺԶ-ի «հասկնալի» վերջին խօսքերը, որովհետեւ այդ պահէն ետքը Ան դժուարութիւն ունեցաւ արտայայտուելու։
«Տէր կը սիրեմ քեզ»
Այս կը կարդանք Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Խմբագրական կազմի տնօրէն` Տիար Անտրէա Թորնիելլիի ստորագրութիւնը կրող յօդուածի մը մէջ։
«Տէր կը սիրեմ քեզ», Ժոզէֆ Ռացինկերի կեանքի եզրակացութիւնն է, անոր` որ տարիներ շարունակ կը պատրաստուէր Արարիչի հետ դէմ առ դէմ վերջնական հանդիպումին» կը գրէ Թորնիելլին վերյիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին 28 Յունիս 2016ին արտասանած մէկ խօսքը, Նախկին Քահանայապետին քահանայական ձեռնադրութեան 65րդ տարեդարձին առիթով, երբ Ան, անդրադառնալով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին քահանայական պտղաբեր ու բեղուն առաքելութեան ըսաւ «Քահանայութեան նուիրած բազմաթիւ գեղեցիկ էջերէն մէկուն մէջ դուք ընդգծած էք, թէ ինչպէս Սիմոնի վերջնական կոչի ժամուն Յիսուս, անոր նայելով, անորմէ կը խնդրէ միայն մէկ բան. «կը սիրե՞ս զիս»: Որքան գեղեցիկ է և ճշմարիտ այս մէկը: Որովհետև այստեղ է, որ դուք մեզի կ՛ըսէք , այդ «դուն կը սիրես զիս» հարցումին վրայ է որ Տէրը կը հիմնէ հովուութիւնը, որովհետև միայն եթէ սէր կայ Տիրոջ հանդէպ, Ան կարող է հովուել մեր միջոցաւ…. «Տէր, դուն ամէն բան գիտես եւ գիտես նաեւ, որ քեզ կը սիրեմ»։ Այս է ահա` ինչ որ դուք միշտ վկայեցիք ու կը վկայէք այսօր, թէ մեր օրերուն որոշիչ բանը, որ կու գայ ամէն բանէ առաջ, այն է թէ Տէրը իսկապէս ներկայ գտնուի, որ մենք զինք բաղձանք, ու թէ ներքնապէս մօտիկ ըլլանք Անոր ու զինք սիրենք.... Այս սէրն է, որ իսկապէս կը լեցնէ մեր սրտերը, այս հաւատքն է, որ մեզ կը ստիպէ ապահով և հանգիստ կերպով քալել ջուրերու վրայէն, նոյնիսկ փոթորկի մէջ, ճիշտ այնպէս, ինչպէս պատահեցաւ Պետրոսին»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ