Կարդինալ Քրայեւսքի. «Պենետիկտոս ԺԶ Պապը վերապահ, ազնիւ եւ միշտ ուշադիր էր իր համագործակիցներուն հետ»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Առաքելական ողորմնաբաշխ կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքի, Պենետիկտոս ԺԶ Պապին քահանայապետութեան շրջանին ծառայած է, որպէս արարողապետ,։ Ան «Վատիկան Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յիշելով վաստակաւոր քահանայապետը յայտնեց, որ Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը եղած է շատ ազնիւ ու պարզ անձ մը։
«Երբ 17 տարեկան էի կը յիշեմ, որ Պենտետիկտոս ԺԶ Պապը իմ հետս շատ ազնիւ գտնուած էր ու հետաքրքրուած իմ Քոնրատ անունով, որ թէ գերմաներէն եւ թէ Լեհերէն անուն է», ըսաւ Կարդինալ Քրայեւսքին աւելցնելով, որ երբ իր մայրը մահացաւ Պենետկիստոս Պապը իր կողքին թիկունք կանգնեցաւ, խրատելով ու քաջալերելով զինքը։
«Պենետիկտոս Վաստակաւոր ԺԶ Պապը մեծ աստուածաբան, ուսուցիչ էր, ոճով տարբեր Յովհաննէս Պօղոս Բ-էն, սակայն բաց էր բոլորին եւ ուշադիր մեզի պարզ արարողապետերուս հետ» նկատել տուաւ Կարդինալ Քրայեւսքին յիշելով նաեւ Վաստակաւոր Պապին մեծ ցաւը, Վոյթիլա քահանայանպետի կորուստին համար, աւելցնելով, որ ինք՝ այսօր դարձեալ սուգի մէջ կը գտնուի, սակայն գոհութիւն կը յայտնէ Աստուծոյ այս մեծ քահանայապետին համար, որովհետեւ իսկապէս բախտաւոր կը զգայ Սուրբ Քահանայապետներ ունենալու համար, որոնք կ՛առաջնորդեն յստակութեամբ, յատկապէս իրենց կեանքին Սրբութեամբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ