Պենետիկտոս ԺԶին նուիրուած հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքային մէջ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հռոմի թեմը կը շարունակէ աղօթել եւ գոհութիւն յայտնել Աստուծոյ Պենետիկտոս ԺԶը Եկեղեցւոյ պարգեւած ըլլալուն համար։ Անոր Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կայացած յուղարկաւորութեան արարողութենէն մէկ շաբաթ ետքը` այսօր 12 Յունուարի երեկոյեան, Հռոմի Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս պազիլիքային մէջ, երեկոյեան ժամը եօթին, տեղի կ՛ունենայ հոգեհանգստեան սուրբ պատարագ նուիրուած Վաստակաւոր Քահանայապետին, զոր պիտի նախագահէ Հռոմի Թեմին Քահանայապետի տեղակալ Արքեպիսկոպոսը` Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիսը։
Լուրը յայտարարուած էր անցեալ 5 Յունուարին, երջանկայիշատակ Պենետիկտոս ԺԶ յուղարկաւորութեան արարողութենէն անմիջապէս ետքը մէջբերելով յուղարկաւորութեան արարողութեան առիթով Ֆրանչիսկոս Պապին արտասանած քարոզէն հետեւեալ հատուածը «Մխիթարուած Սուրբ Հոգիով եւ վկաները հաւատքի հաղորդութեան, որ ապրուած է այս յուղարկաւորութեան արարողութեան մէջ (…), շարունակենք մեր վաստակաւոր Քահանայապետը վստահիլ «Հօր ձեռքերուն. Թող` որ այդ ողորմութեան ձեռքերը անոր ճրագը գտնեն վարած Աւետարանի իւղով, զոր ան թափեց և վկայեց իր կենդանութեան օրերուն» (Ֆրանչիսկոս, քարոզ, 5 Յունուարի 2023 թ.)։
Վաստակաւոր Քահանայապետը իր մահկանացուն կնքեց` 95 տարեկանին, 31 դեկտեմբեր 2022ի առաւօտեան ժամը 9,34ին Վատիկանի «Mater Ecclesiae» վանքին մէջ, զոր ան ընտրած էր որպէս իր բնակարանը, 2013էն անդին Պետրոսի Գահէն հրաժարումէն ետքը։
Անոր Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կայացաւ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապին ու մասնակցութեամբ 120 կարդինալներու, 400 եպիսկոպոսներու և չորս հազարէ աւելի քահանաներու։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին յուղարկաւորութեան մասնակցեցան նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն պատուիրակութիւն մը որ կազմուած էր` Գերշ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանէ, Գերշ. Բագրատ եպիսկ. Գալստանեանէ եւ Գերշ. Տ. Տիրան եպիսկ. Պետրոսեանէ։ Մինչ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ համապատարագիչ Պատրիարքներու շարքին էր Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս Պատրիարքը, իսկ եպիսկոպոսաց դասուն մաս կը կազմէր` Արհ. Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ