Որոնել

2023.01.26 CARD PAROLIN

Ափրիկէ` հաշտութիւնը խթանելու համար Ճամբորդութիւն. Կարդինալ Փարոլին

«Կ՜ակնկալուի, որ Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Քոնկոյի ​​Հանրապետութիւն և Հարաւային Սուտան նպաստէ բռնութիւններու դադարեցումին»: Կարդինալ Փարոլինի հարցազրոյցը Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ, Ֆրանչիսկոս Պապին Քոնկօ եւ Հարաւային Սուտան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ափրիկէն ժամանակէ ի վեր կը սպասէ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ ահա մի քանի օրէն Ան պիտի մեկնի նախ Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութիւնը ապա Հարաւային Սուտան` 31 Յունուարէն մինեչւ 5 փետրուար, այնտեղ տանելու Աստուծոյ Խօսքը եւ խաղաղութեան ու երկխօսութեան յոյսը։

Հարաւային Սուտանի հանգրուանը ունի համամիութենական բնոյթ տրուած ըլլալով, որ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին պիտի ընկերանան նաեւ Քանթըրպուրրիի առաջնորդը` Ժասթին Ուելպին, եւ Սքովտիայի Եկեղեցւոյ Վարիչը` Վերապատուելի Եան Կրինշիլտսը։

«Վկայութեան համամիութիւն»

Այդ պիտի ըլլայ «վկայութեան համամիութիւն» հաստատած է այս առնչութեամբն Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած հարցազրոյցի ժամանակ, ընդգծելով` որ Քահանայապետին այս ճամբորդութիւնը ունի «տեղական եկեղեցիներուն նկատմամբ Եկեղեցւոյ մօտիկութեան» բնոյթ ու նաեւ «ընկեր-քաղաքական» նպատակ, յոյսով` որ «ձեռք բերուի հաշտութիւնը», երկու երկիրներուն մէջ, ուր տարբեր պատճառներու համար կան` միլիոնաւոր տեղահաններու ողբերգութիւնը, ցեղային եւ քաղաքական լարուածութիւններ ու զինեալ խմբաւորումներու միջեւ բախումներ։

Խաղաղութեան ուխտաւոր Հովիւ

Խօսելով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի վերոնշեալ ճամբորդութեան մասին Կարդինալ Փարոլինը նշեց, թէ Ան նախ եւ առաջ կ՛ուզէ մօտիկ ըլլալ, հանդիպիլ տեղական եկեղեցւոյ...

«Քահանայապետը այնտեղ կ՛երթայ, որպէս Հովիւ մը, որ կը հանդիպի Աստուծոյ ժողովուրդին ու նաեւ, որպէս խաղաղութեան եւ հաշտութեան ուխտաւոր» ըսաւ Ծիրանաւորը ակնարկելով ճամբորդութեան հովուական բնոյթին ու նաեւ ընկերաքաղաքական երեւոյթին, ուր կ՛ակնկալուի, որ Քահանայապետին ներկայութիւնը, անոր խօսքը, վկայութիւնը, օգնեն խթանելու բռնութիւններուն կասեցումը եւ ամրապնդելու խաղաղութեան եւ հաշտութեան գործընթացքները։

Խաղաղութիւնը որպէս նպատակ

Կարդինալ Փարոլինը մատնանշեց ապա Սրբազան Պապին բռնութիւններու ու հակամարտութիւններու զոհերուն հետ հանդիպումի մասին, որուն կիզակէտը «հաղորդութիւնն ու եղբայրութիւնն է», ըսաւ Ան, աւելցնելով, որ Քահանայապետը կ՛ուզէ քաջալերել բոլորը` «վստահութիւնն ու յոյսը չկորսնցնելու եւ չի զիջելու վրէժխնդրութեան, չի խթանելու բաժանումները, եւ որպէս նպատակ ունենալու խաղաղութիւնը»։

Հաղորդութեան ձեւեր

Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը ակնարկեց ապա քրիստոնեայ եկեղեցիներուն ներդրումին ու անոնց կարեւոր դերակատարութեան, ապա խօսեցաւ համամիութենական բնոյթ ունեցող Հարաւային Սուտան կատարուելիք հանգրուանին ակնարկելով, թէ այս կը նշանակէ, որ «կարելի է հաղորդութեան ձեւեր գտնել, տարբերութիւններուն հանդերձ ու կամ այդ տարբերութիւններուն միջոցաւ»։

Արդարութեան ու խաղաղութեան վրայ որդեգրուած քաղաքականութիւն

Կարդինալ Փարոլինը, որ անցեալ տարուայ Յուլիս ամսուայ ընթացքին այցելած էր այդ նոյն վայրերը, ուր Քահանայապետը պիտի մեկնի մօտ օրէն, նշեց` թէ այդ երկիրներուն մէջ փոփոխութիւնները դանդաղ կ՜ընթանան եւ կարիքն ունին բոլորի յանձնառումին, ու թէ Պետութիւնները պէտք է այնպիսի քաղաքականութիւններ որդեգրեն, որոնք իսկապէս հիմնուած ըլլան արդարութեան եւ խաղաղութեան վրայ։

«Ապա միջազգային հասարակութիւնը պէտք է աջակցի իւրաքանչիւր Երկրի քաղաքական Ղեկավարներուն, թիկունք կանգնի անոնց, ուղեկցելով անոնց դէպի ընկերային, տնտեսական եւ «ինստիտուցիոնալ», զարգացման ամբողջական նուաճում», «որուն ծիրէն ներս կայ նաեւ Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը» ըսաւ Վատիկանի թիւ մէկ Դիւանագէտը։

Համայն բնակչութեան ապահովել արդար զարգացում

Հարցազրոյցի աւարտին Կարդինալ Փարոլինը մաղթեց, որ Քահանայապետին այս ճամբորդութիւնը ըլլայ շրջադարձային եւ թիկունք կանգնի բոլորի բարի կամքին։

«Ես կը կարծեմ, թէ կարիքը կայ բոլորին կողմէ նորոգուած յանձնառումի մը։ Յանձնառում դուրս բերելու այս երկիրները ներկայի հակամարտական իրավիճակներէն, ապահովելով արդար զարգացում, բոլոր բնակչութեան համար եւ Երկիրները ճամբու վրայ դնելու` դէպի աւելի լաւ ապագայ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2023, 14:30