Որոնել

Միաձայն շնորհակալութիւն յայտնենք Աստուծոյ Պենետիկտոս ԺԶի պարգեւին համար. Ֆրանչիսկոս Պապ

Ռացինկեր Քահանայապետին մահուան լուրը իմանալէն անմիջապէս յետոյ Ֆրանչիսկոս Պապը եղաւ առաջիններէն որ այցելեց «Մաթեր Էքլեզիէ» աբբայարանը, Վանքի մատրան մէջ զետեղուած, վաստակաւոր Քահանայապետին դիակին մօտ աղօթելու եւ անոր տալու վերջին հրաժեշտը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարաեն - Վատիկան            

Տարեվերջի եւ ամանորի արարողութիւններուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը ուզեց յատուկէն յիշել Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Սրբազան Քահանայապետը, որ իր մահկանացուն կնքեց երէկ` շաբաթ 31 դեկտեմբեր 2022ի առաւօտեան ժամը 9,34ին, աղօթք խնդրելով Անոր համար։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը այսօր տարածեց Պենետիկտոս ԺԶի պատկերները, որուն մարմինը կը հանգչի Վատիկանի պարտէզներուն մէջ գտնուող «Mater Ecclesiae» վանքի մատրան մէջ։

Վաղը առաւօտեան` վաստակաւոր Քահանայապետին մարմինը յատուկ ծիսակատարութեամբ պիտի փոխադրուի Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճար՝ ուր պիտի ցուցադրուի, առիթ տալով հաւատացեալներուն իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու պատմութեան մէջ մեծ ու կարեւոր դերակատարութիւն ունեցող հեզ ու խոնարհ քահանայապետին։

Ֆրանչիսկոս Պապ վերջին այս օրերուն Պենետիկտոս ԺԶ որակեց «պարգեւ Եկեղեցւոյ եւ աշխարհին համար», մինչ անցեալին մէջ զԱյն յաճախ ներկայացուցած էր որպէս «բարի պապիկ», «հայր», եղբայր»։

Ռացինկեր Քահանայապետին մահուան լուրը իմանալէն անմիջապէս յետոյ Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց «Մաթեր Էքլեզիէ» աբբայարանը, որ վերջին տարիներուն եղած էր վաստակաւոր Քահանայապետին բնակավայրը եւ ուր Ան հոգին աւանդեց առ հայր։ Սրբազան Պապը Վանքի մատրան մէջ զետեղուած, վաստակաւոր Քահանայապետին դիակին մօտ աղօթեց անոր տալով նաեւ վերջին հրաժեշտը։ Պերկոլիոյ Քահանայապետը եղաւ առաջին անձերէն մին որ այցելեց իր նախորդը, որ ինչպէս կը պատմեն հանգուցեալին մինչեւ կեանքին վերջին շունչը հոգ տանող ու անոր մօտ գտնուող անձերը, մեռաւ անդորրութեան մէջ։

Այսօր նախատեսուած են սուգի սրահի առանձնական այցելութիւնները իսկ վաղուընէ սկսեալ եւ երեք օր տեւողութեամբ, մինչեւ յուղարկաւորութեան օրը, հանգուցեալ Քահանայապետին մարմինը պիտի զետեղուի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ

Յայտնենք, որ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ հինգշաբթի օր` 5 Յունուարին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին նախագահութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/01/2023, 13:11