Ծննդեան կենդանի մսուր՝ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս տաճարէն մինչև Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Շաբաթ օրը՝ դեկտեմբերի 17-ին Հռոմի սիրտին մէջ՝ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս տաճարէն մինչև Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար, հետևելով «Քորփուս Տոմինի»ի երթին, Սուրբ Ծննդեան կենդանի մսուրը պիտի ներկայացնէ Յիսուսի Ծնունդի տարբեր տեսարանները:
Ժամը 14:30ին կենդանի մսուրը իր հանգրուանը պիտի գտնէ Սանթա Մարիա Մաճճորէ Մարեմեան տաճարի բակին մէջ, ուր կը պահպանուին մանուկ Յիսուսի օրօրոցի մասունքները և ուր Իտալիոյ տարբեր անկիւններէ ժամանած դերակատարներու և պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ, նախատեսուած է Ծննդեան տեսարանի ներկայացումը՝ «Sancta Maria ad Praesepem» բնաբանով:
Ներկայացումի աւարտին՝ ժամը 17:00ին, Հռոմի Թեմին Քահանայապետի տեղակալ Եպիսկոպոս Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիսի նախագահութեամբ պիտի մատուցուի Սուրբ Պատարագ:
Սանթա Մարիա Մաճճորէի արտակարգ յանձնակատար Գերապայծառ Ռոլանթաս Մաքրիքասը բացատրած է, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը «Հրաշալի նշան» բնաբանով իր նամակին մէջ գրած է, որ «Ծննդեան տեսարանը զարմանք կը հրահրէ ու մեզ կը յուզէ, որովհետեւ կ’արտայայտէ Աստուծոյ քնքշութիւնը»:
Սուրբ Ծննդեան կենդանի մսուրի ներկայացումը խրախուսուած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կողմէ, որ անձամբ ծանօթացած է անոր նախագիծին:
Յիշեցնենք, որ 2019ին հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի «Admirabile Signum -Հրաշալի նշան» առաքելական նամակը, որ նուիրուած է մսուրի իմաստին ու անոր արժէքին:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ