Որոնել

WhatsApp-Image-2022-12-15-at-09.52.28.jpeg

Քահանայապետական ողորմաբաշխ Կարդինալ Քրայեւսքին դարձեալ Ուքրանիա կը մեկնի

Ֆրանչիսկոս Պապին կամքով կատարուած նոր առաքելութիւն մը տանջուած երկրին մէջ ապրող բնակչութեան, ուր ձմռան ցուրտը ալ աւելիով սուր է պատերազմի եւ անոր հետեւանքներուն պատճառաւ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 17 դեկտեմբերին Քահանայապետական ողորմաբաշխ` Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքին Քահանայապետի կամքով մեկնեցաւ Ուքրանիա, ուր բացի հաւատքի մխիթարութեան իր հետ կը տանի վերջին շաբաթներուն դրսեւորուած զօրակցութեան պտուղները` ելեկտրականութիւն արտադրող գործիքներ ջերմային հագուստ եւայլն։

Օգնութեան այս արարքը ի գործ դրուեցաւ Ողորմաբաշխութեան գրասենեակի կողմէն, օգտագործելով պապական օրհնագիրերու հասոյթին գումարները, իտալական կարի գործատուներուն նուիրտութիւնները եւ crowdfundingի միջոցաւ ներդրումներէն հաւաքուած գումարը։

Քահանայապետական Ողորմաբաշխը երաշխաւոր կը կանգնի հաւաքուած ապրանքներու բաշխումին, որ այս օրերուն կը տեղափոխուին Ուքրանիա` Լվով և այնտեղէն փոքր փոխադրամիջոցներով պիտի բաշխուին Սուրբ Ծնունդի տօնէն առաջ՝ այն վայրերուն մէջ, ուր աւելի սուր է տառապանքը և ցուրտը:

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/12/2022, 08:00