Կարդինալ Քրայեւսքի այցելեց Իսքիա քաղաքին մէջ լեռներէն վար հողակոյտի թաւալումէն տուժուած ընտանիքներուն։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 8 դեկտեմբերին, Անարատ Յղութեան տօնին օրը, Առաքելական ողորմնաբաշխ, կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքի այցելեց անցեալ 26 նոյեմբերին, Իտալիոյ Իսքիա քաղաքին մէջ լեռներէն վար հողակոյտի թաւալումէն զոհուած ընտանիքներուն։
Կարդինալ Քրայեւսքի այցելեց սուգի մէջ գտնուող ընտանիքներուն, հանդիպեցաւ բնական աղէտէն զոհուած իրենց ծնողքը կորսնցուած որբ մնացած պատանիներուն հետ, որոնց հետ աղօթեց, ապա փոխանցեց Ֆրանչիսկոս Պապին մխիթարութիւնն ու Պապին կողմէ նուիրուած վարդարանի նուէրները։
«Անարատ Յղութեան տօնին օրը այս այցելութեան կատարումը ունի յատուկ իմաստ մը» ըսաւ կարդինալ Քրայեւսքի յայտնելով, որ «մեծ մայրիկներուն, հօրաքոյրերուն եւ կանանց դիմագիծերու մէջ տեսայ Մարիամի գողգոթան, որ կորսնցուց իր Որդին, ընկերանալով Անոր մինչեւ վերջին շունչը»։
Կարդինալ Քրայեւսքի շեշտեց, թէ «ցաւը չէ կարելի վերացնել, սակայն կարելի է միասին դիմանալ»։
Սպիտակ գոյնով փոքրիկ դագաղ
Իսքիա քաղաք այցելութեան ծիրէն ներս, առաքելական ողորմնաբաշխը կանգ առաւ Լաքքօ Ամենօ շրջանին մէջ գտնուող Աւետման եկեղեցիէն ներս, ուր պահպանուած են այլ զոհերուն մարմինները։
Կարդինալ Քրայեւսքի աղօթեց, սպիտակ գոյնով դագաղին մէջ զետեղուած անցեալ 4 նոյեմբերին ծնած 22 օրուայ Ճովան Ճուզէփփ ծորածինին համար, որուն ծնողքը եւս զոհուած են աղէտի պատճառաւ։
«Շատեր ինծի հարցուցին, թէ ինչ կայ մահէն ետք, արդեօ՞ ք պիտի հանդիպինք մեր ծնողներու հետ, ես պատասխանեցի որ չեմ ճանչնար ժամանակները, սակայն պէտք է հաւատալ Յարութեան», ըսաւ կարդինալ Քրայեւսքի մատնանշելով, որ «Հոս շատ մը անձեր կը վստահին Աստուծոյ, դա շատ գեղեցիկ բան է եւ համոզուած եմ, որ հաւատքի գանձէն է որ կրնանք վերսկսիլ։»
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ