Որոնել

Ուքրանիոյ մէջ սաստիկ ցուրտ Ուքրանիոյ մէջ սաստիկ ցուրտ 

Քահանայապետական ողորմնաբաշխութիւնը ջերմային շապիկներ նուիրեց Ուքրանացիներուն։

Վերոնշեալ ծրագիրը բխած է բնակչութեան տառապանքը մեղմացնելու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Եղբայրսիրութեան ծառայութեան համար» վերատեսչութիւնը նախաձեռնած է ծրագիր մը՝ օգնելու համար պատերազմէն եւ ցուրտէն տառապող Ուքրանացի ժողովուրդին։

Յիշեալ նախաձեռնութեան համաձայն պիտի հաւաքուի ջերմային շապիկներ, բեռնատարի միջոցաւ Ուքրանիա ուղարկելու համար։

Եղբայրսիրութեան ծառայութեան համար վերատեսութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ յայտարարուեցաւ, թէ վերոնշեալ ծրագիրը բխած է բնակչութեան տառապանքը մեղմացնելու համար։

«Ուքրանացի ժողովուրդը» կը կարդացուի առաքելական ողորմնաբաշխութեան վերատեսուչ կարդինալ Քոնրատ Քրաեւսքիի ստորագրութիւնը կրող յայտարարութեան մէջ, «կ՝ապրի արտակարգ վիճակի մէջ, որ կապուած է ոչ միայն պատերազմին այլ ելեկտրականութեան, կազի պակասին եւ ձմրան սաստիկ ցուրտին։ Ասոր համար, ի տես սուրբ Ծննդեան տօնին, կը կազմակերպուի ջերմային շապիկներու հաւաքածոյ, որոնք յարմար են մարմնի ջերմաստիճանը պահպանելու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2022, 10:32