Հրաժեշտ Պենտիկտոս ԺԶ ին, խոնարհ ծառայող Տիրոջ այգիին մէջ
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմոնք
Պենետիկտոս ԺԶ վերադարձաւ առ Հայր։ Սուրբ Աթոռի մամլող գրասենեակը քիչ առաջ յայտարարեց թէ Ան մահացաւ առաւօտեան ժամը 9,34ին Վատիկանի «Mater Ecclesiae» վանքին մէջ, զոր 95 ամեայ վաստակաւոր Քահանայապետը ընտրած էր, որպէս իր բնակարանը, 2013ին իր Պետրոսի Գահէն հրաժարելէն ետքը։
«Ցաւով կը տեղեկացնեմ, որ Վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ, մահացաւ այսօր ժամը 9:34ին, Վատիկանի «Mater Ecclesiae» վանքին մէջ։ Լրացուցիչ տեղեկութիւններ կը փոխանցուին հնարաւորինս մօտ ժամանակի մէջ» գրուած է Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Մաթթէօ Պրունիի այսօր առաւօտեան տարածած յայտարարութեան մէջ։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուց նաեւ թէ երկուշաբթի 2 Յունուար 2023ի առաւօտեան, Վաստակաւոր Քահանայապետին մարմինը ի ցոյց պիտի դուրի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքյաին մէջ, որպէսզի հաւատացեալները կարողանան անոր վերջին հրաժեշտը տալ։
Յուղարկաւորութիւնը 5 Յունուարին
Աւելի ուշ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը լրագրողներուն հաղորդեց թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը նախատեսուած է հինգշաբթի` 5 Յունուարին, առաւօտեան, 9,30ին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի նախագահութեամբ։
Արդարեւ Վաստակաւոր Քահանայապետին կտակն է, որ ամէն ինչ կատարուի ամենայն պարզութեամբ, այնպէս ինչպէս ապրած էր ան։ Մաթթէօ Պրունին յայտնեց նաեւ թէ Պենետիկտոս ԺԶ հիւանդաց օծումը ընդունած էր չորեքշաբթի օրը, Վանքին մէջ կայացած սուրբ պատարագի աւարտին ի ներկայութեան «Memores Domini» մայրապետներուն որ տարիներէ ի վեր առօրեայ խնամք կը ու ծառայութիւնը կը մատուցէին Պենետիկտոս վաստակաւոր Քահանայապետին։
Յայտնենք որ նոյնինք Ֆրանչիսկոս Պապը աշխարհին յայտարարած էր Վաստակաւոր Քահանայապետին առողջական վիճակի վատթարացման լուրը, անցեալ չորեքշաբթի օր, 2022ի վերջին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, հրաւիրելով բոլոր հաւատացեալները, աղօթելու Անոր համար, որ «ծանր հիւանդ» է, ըսած էր Ան, «որպէսզի Տէրը զինք մխիթարէ եւ թիկունք կանգնի, իլ այս Եկեղեցւոյ նկատմամբ սիրոյ վկայութեան մէջ, մինչեւ վերջ»։
Վերջին թարամացում` 31 Յունուար ժամը 12,30
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ