Որոնել

Կարդինալ Փարոլինը այցելեց Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանը

Հիւանդներէն մէկուն մօր պատասխանելով Կարդինալ Փարոլինը սիրալիր կերպով պատասխանեց թէ «մանուկներուն ցաւը պատասխան չունի»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ամէն տարի Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, սովորութեան համաձայն, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը այցելութիւն տուաւ, Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանին այնտեղ տանելով Ֆրանչիսկոս Պապին օրհնութիւնները։

Գրեթէ երեք ժամ տեւած այցելութեան ընթացքին Ծիրանաւորը առիթը ունեցաւ հանդիպելու այնտեղ բուժում ստացող մանուկներուն հետ, որոնցմէ մի քանիները ծանր հիւանդութեամբ, ինչպէս նաեւ անոնց ծնողներուն հետ եւ մանկաբուժարանի աշխատակազմին հետ։

Վատիկանի Պետական քարտուղարը հուսկ ներկաներուն փոխանցեց Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Ծննդեան տօնին շնորհաւորութիւնները, ապա աշխատակազմին նկատել տուաւ թէ «իրենց Քահանայապետին համագործակիցներն են»։

«Մենք բոլորս մտահոգուած ենք աշխարհի մէջ պատահածին համար, չենք նշմարեր թէ կան հեռանկարներ եւ լուծումներ այս պատերազմին համար որ տեղի կ՛ունենայ Ուքրանիոյ մէջ, բայց նաեւ աշխարհի բազմաթիւ վայրերու մէջ։ Կացութիւնը շատ անկայուն է» ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը որ այն հարցումին թէ ինչ կարող ենք ընել մենք իրավիճակը փոխելու համար, Ան պատասխանեց թէ մեզմէ իւրաքանչիւրս պէտք է իր պարտականութիւնը կատարէ եւ իւրաքանչիւր անձ իր ներդրումը կատարէ աւելի լաւ աշխարհ մը կառուցելու համար։

Հիւանդներէն մէկուն մօր պատասխանելով Կարդինալ Փարոլինը սիրալիր կերպով պատասխանեց թէ «մանուկներուն ցաւը պատասխան չունի»։

Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց մանկաբուժարանի բոլոր անձնակազմին այն գերազանց աշխատանքին համար, որուն համբաւը հատած է է Հռոմի սահմանները։ Մանուկ Յիսուս հիւանդանոցը իսկապէս տիեզերական է եւ ես այս մէկը կարող եմ հաստատել որովհետեւ երբ կը պատահի որ աշխարհի որեւէ վայր մը այցելեմ նոյնիսկ ամենահեռաւոր վայրեր, յաճախ յղում կը կատարուի Մանուկ Յիսուս հիւանդանոցին» յարեց Վատիկանի Պետքարտուղարը։

Մանկաբուժարանի նախագահ` Տիկ Մարիելլա Էնօք իր կարգին հաստատեց թէ Մանուկ Յիսուս հիւանդանոցը «յատուկ մանուկներու» հիւանդանոց մըն է ուր բժիշկներ` 150 տարիէ ի վեր, մեծ նուիրումով ամէն ինչ ի գործ կը դնեն բուժելու եւ ամենէ առաջ խնամք տանելու համար

Հարկաւոր է անոր մէջ ճանչնալ ոչ թէ թիւերը եւ հաշուեկշիռները որ դրական են այլ այն առաքելութիւնը զոր ան կը կատարէ այնտեղ հիւրընկալուած մարդկութեան ի նպաստ։ Մենք շատ անգամ կը զբաղինք այնպիսի կարիքներով որոնք կարող են երկրորդական թուալ սակայն շատ անգամ ընտանիքի մը կեանքը կը փոխեն» հաստատեց Տիկ. Էնօքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/12/2022, 18:47