Ժամանակներու միջեւ Քահանայապետը՝ Պենետկտոս ԺԶ-ին առ Հայր վերադարձը։
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
«Այլեւս հին աշխարհին չեմ պատկանիր եւ ոչ ալ նոր աշխարհին որ իրականութեան մէջ տակաւին չէ սկսած»։ Այսպէս կ՛արտայայտուէր Պենետիկտոս ԺԶ իր մասին։ Այս նախադասութիւնը պարունակուած է «Վերջին Ճառեր» գիրգին մէջ ուր վաստակաւոր քահանայապետը ինքզինք նկատած էր «ժամանակներու միջեւ Քահանայապետ»։
Ան արտասանած իր վերջին մէկ քարոզին մէջ, 6 Յունուար 2013-ին, Յիսուսի Յայտնութեան տօնին օրը, խօսելով մոգերու մասին ըսած էր «Այդ մարդիկը, որ այն ժամանակ մեկնեցան դէպի անյայտը, ամենայնդէպս հետաքրքիր սրտով մարդիկ էին։ Մարդիկ մղուած Աստուծոյ փնտռտուքով ու աշխարհի փրկութեամբ։ Սպասումի մէջ Մարդիկ, որոնք չէին բաւարարուիր իրենց ընկերային կարեւոր դիրքով ու իրենց ապահով շահով։ Անոնք կը փնտռէին աւելի մեծ իրականութիւն մը։ Աստղագէտ ու հաւանաբար փիլիսոփայութեան հմուտ մարդիկ էին, սակայն չէին ուզեր շատ բաներ իմանալ, այլ իմանալ էականը՝ թէ ինչպէս կարելի է մարդ էակ ըլլալ, եւ ասոր համար կ՛ուզէին գիտնալ եթէ Աստուած գոյութիւն ունի ու եթէ ան խնամք կը տանի մեզի ու թէ ինչպէս կարելի է Անոր հանդիպիլ։ Անոնք չէին ուզեր միայն գիտնալ այլեւ ճանչնալ ճշմարտութիւնը՝ մեր Աստուծոյ ու աշխարհի ճշմարտութիւնը։ Անոնց արտաքին ուխտագնացութիւնը իրենց ներքին ուղեւորութեան արտայայտութիւնն էր, անոնց սրտին ներքին ուխտագնացութիւնը։ «Աստուած փնտռող մարդիկ էին անոնք որոնք դէպի Անոր կ՛ընթանային։ Անոնք Աստուծոյ հետազօտողներ էին»։
Այս բառերը կարելի է օգտագործել նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ-ի համար, Ան կը խօսի հաւատքի ներքին ուխտագնացութեան մը մասին, որ կը բացայայտուի աղօթքի մէջ։ Աղօթք մը որ մեզ կը խլէ կեղծ հանգստութենէն ու մեզ կը մղէ անհանգստութեան, մոգերու նման փնտռելու համար Աստուած. Այն ինչ որ ապրեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ։
Ան եղաւ «անցումային», Անոր հետքերը պիտի մնան իր մահանունէ անդին։ Անցումային շրջանները կարեւոր են ու ԺոզէՖ Ռացինկեր կը ներկայացնէ այն Եկեղեցին որ Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովէն սկսեալ ուղեւորութեան մէջ դրաւ ինքզինք։ Եւ Ժոզէֆ Ռացինկեր Քահանայապետը իր կնիքը դրոշմեց եկեղեցւոյ անցումային շրջանին վրայ ու յատկապէս Քահանայապետական անցումային շրջանին վրայ։ Եկեղեցին արդարեւ երկար տարիներու ընթացքին կարող է սնանիլ անոր օրինակէն, անոր խօսքերէն ու անոր գրութիւններէն։ Ան ժամանակներու միջեւ Քահանայապետ էր սակայն պիտի մնայ մեր հետ։ Մեր սրտերուն մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ